Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/86

Այս էջը հաստատված է

Է նկատի առնուած ըլլայ պաշտօնավարութեան ոչ միայն երկարատևութիւնը, այլ մանաւանդ անոր արդիւնաւորութիւն:

3. Պատիժ. - Որևէ ուսուցչի մասին եղած ծանր ամբաստանութիւններ կը քննուին կրթական տեսչութեան կամ ներկայացուցչի նախագահութեան տակ կազմուած դատաստանական յանձնաժողովի մը առջև: Դատաստանական ժողովին անդամներուն կէսը պիտի կազմուի դաստիարակ ուսուցիչներէ՝ ընտրուած իրենց պաշտօնակիցներէն: Դատաստանական ժողովը իրաւասութիւն ունի ամբաստանուած ուսուցչին գործած յանցանքին համեմատ պատիժներ որոշել ու գործադրել, որ ծանրակշիռ պարագաներուն կրնայ ըլալ վերջնական վտարում:

Թեթև յանցանքները կը քննուին կրթական քննիչներու միջոցաւ և պատիժները կը տնօրինուին ու կը գործադրուին միևնոյն պաշտօնէութեան կողմէ: Ինքզինք անիրաւուած զգացող ուսուցիչը կրնայ կրթական տեսչութեան մօտ դիմում կատարել վերաքննութեան համար: Յատուկ կանոնագրութեամբ պիտի դասաւորուին յանցանքները և սահմանուին համապատասխան պատիժներ:

4. Մասնագէտ-ուսուցիչ.- Ձեռարուեստի, գծագրութեան, մարմնամարզի, երգի, կար ու ձևի ու խոհարարութեան դասերուն մէջ իբրև մասնագէտ ուսուցիչ պաշտօնավարել փափաքողները պէտք է մասնաւոր քննութիւն անցնին իրենց ճիւղերուն մէջ:

5. Վարձատրութիւն.-Գ-րդ աստիճանի վրայ գտնուող արտօնուած օգնական ուսուցիչ մը կը ստանայ երկու հարիւր (200) րուպլի տարեթոշակ, Բ-րդ աստիճանի վրայ գտնուող մը՝ երկու հարիւր յիսուն (250) րուպլի, իսկ Ա. աստիճանին վրայ գտնուողը՝ երեք հարիւր (300) րուպլի:

Գ-րդ աստիճանի վրայ գտնուող արտօնուած դաստիարակ-ուսուցիչ մը կը ստանայ երեք հարիւր յիսուն (350) րուպլի տարեթոշակ, Բ-րդ աստիճանի վրայ գտնուող մը՝ չորս հարիւր յիսուն (450) րուպլի, իսկ Ա-րդ աստիճանի վրայ գտնուողը վեց հարիւր (600) րուպլի:

Գ-րդ աստիճանի վրայ գտնուող վկայուած օգնական ուսուցիչ մը կը ստանայ երեքհարիւր (300) րուպլի տարեթոշակ, Բ-րդ աստիճանի վրա գտնուող մը՝ չորս հարիւր (400) րուպլի, իսկ Ա-րդ աստիճանի վրայ գտնուողը՝ հինգ հարիւր (500) րուպլի:

Գ-րդ աստիճանի վրայ գտնուող վկայուած դաստիարակ-ուսուցիչ մը կըստանայ հինգ հարիւր (500) րուպլի տարեթոշակ, Բ-րդ աստիճանի վրայ գտնուող մը՝ վեց հարիւր յիսուն (650) րուպլի, իսկ Ա-րդ աստիճանի վրայ գտնուողը՝ ութ հարիւր (800) րուպլի:

6. Վարժուհիներ.- Իգական սեռն ալ՝ միևնույն պայմաններն լրացնելով կրնայ մտնել վերը ներկայացուած ուսուցչական որևէ դասու կամ աստիճանի մէջ: Իսկ ուսուցչուհիներու տարեթոշակները իրենց վերաբերած դասուն կամ աստիճանին յատկացուածներուն մէկ չորրորդը պակաս պիտի