Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/44

Այս էջը հաստատված է

Այո, այդ բոցը, վառուող , մաշուող, բայց տակաւ երգող, անվարան կրնանք ըսել, թէ ինքն է բանաստեղծը, որ ոչ թէ նախանձողն է, այլ մեզ նախանձել կու տայ իր մասին։

Ի զուր չէ, որ Մինաս Թէօլէօլեանը իր «Դար Մը Գրականութիւն» հատորին մէջ (1920-1980) խօսելով բանաստեղծ Արմանտի մասին, կը գրէ.

«Իրանահայ բանաստեղծներու մեծ մասը կը շարունակէ միսթիքի և խորհրդասիրական խարխափումներու սահմանին մէջ պահել քերթուածը մինչեւ այսօր։ Արմանտը այն քանի մը քիչերէն է, որոնք յաջողած են տարրականութենէ փրկել իրենց տողերը, և, առանց բոլորովին խզուելու զգացումէն, իմաստասիրել մարդկային «Է»ութիւնը՝ մեկնելով իրենց ներքին խռովքներէն, բնութեան ու շրջապատի երեւոյթներէն։ Իրենց կառոյցէն անդին՝ իմաստի և թելադրականութեան ծիր մը ունին իր բանաստեղծութիւնները, ու ասով ալ կ՚առանձնանան «ոտանաւորին» այն տարափէն՝ որով ողողուած են ուրիշներու գործերը»:

Տեղին մատնանշում:

Ահա բանաստեղծը զօրակոչի կ'ենթարկէ իր ուժերը, գրելով. «Ո՞ւր ես, Յայտնուիր» բանաստեղծութիւնը։ Խօսքը իր չգրած գործերու մասին է, որոնք պէտք է յայտնուին, և որոնք.

- Գուցէ և թաղուած
Սրտիս մատեանում,
Իմ հոգու հոգում,
Աչքերում մանկան.
Թերեւս թաոած
Ծաղկի բաժակում,
Թեւին զեփիւռի,