Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/45

Այս էջը սրբագրված է

Շուրթին լռութեան,
Դու՝ բառ հրաբորբ,
Դու՝ խօսք հրածին,
Դու՝ մտքի կատար։


Բանաստեղծը որքան գրէ, ու որպիսի մրցանակներու ալ արժանանայ, միշտ կը խորհի թէ գրուելիքները մտածումի կատարներ պիտի ըլլան։ Միշտ կը խորհի թէ իր հոգիին մէջ տակաւին կան սպիտակ տետրակներ, որոնք լեցուելու են որպէսզի մրցումի կանչէ մեծերը՝ անոնք ըլլան Նարեկացի, Վարուժան թէ Չարենց,Ուիթհման թէ Էլիւար կամ Պայրըն գուցէ։

2. ֊ԾԻԾԱՂ ՈԻ ԼԱՑ Այսպէս վերնագրուած է երկրորդ գիրքէն երկրորդ բաժինը,որ կը բացուի բախտի աղջկան նուիրուած բանաստեղծութեամբ։Բանաստեղծը իր կեանքի քառուղիներուն վրայ կը հանդիպի իր բախտին ժպտուն աղջկան, կ՝առնէ ու տուն կը տանի զայն, բայց...

-Աղջիկը բախտի նստեց սնարիս,
Խինդի մանկան հետ չթողեց քնեմ,
Բայց լուսաբացին, մի կարճ խոր քնից

Աչքերս երբ բացի,

Փախե՜լ էր արդէն նա պատուհանից
Ու թողել փեղկին մի փունջ իր ծամից...

Դէպք մըն է։ Աւաղելը՝ անօգուտ։ Պէտք էր պահէր բախտի ժպտուն աղջիկը։Այս մէկը բաոացի իմաստով նաեւ՝ այլապէս։ Բախտի ժպտուն աղջիկին կը յաջորդէ « Համբերութիւն» բանաստեղծութիւնը, ուր հեղինակը կը հաստատէ