օ
|
Անանձնական ու համայնական սէր։ Ահա՜ մարդկութեան համար տրոփող սիրտ մը, որ հայու սիրտ մ՚ըլլալուն, տիեզերական սիրտ է նաև։ Ամէն իրաւ բանաստեղծ կը ներկայացնէ ոչ միայն իր ազգը, այլ նաև տենչերը հանուր մարդկութեան։
Այսպէս գրելով, Արմանտը կրկնակիօրէն կուրախացնէ մեզ։ Մարդկութիւնն ամբողջ սիրելը, ամենամեծ հայրենասիրութիւնն է, երբ փոքրը չի կորսուիր մեծին մէջ, այլ կը մեծցնէ փոքրը։
Ան, տասնեակ մը երգեր կը նուիրէ մեր հերոս երիտասարդներուն, նոր օրերու ֆիդայիներուն: Կ'անդրադառնայ ազգային յուզող նիւթերու, ջարդերուն, մեր պողպատուելուն։
Մեղմաբարոյ Մուշեղ Իշխանն իսկ 1991–ին գրեց իր «Արցախեան Լեռներ» բանաստեղծութիւնը, ուր կ՚ըսէ.
|