— Փափազեանը մերժել է իր ութսունամեակի տօնակատարութիւնը...
Վիրաւոր առիւծը քաշուած էր իր քարայրին մէջ՝
իր ցաւին հետ առանձին մնալու համար:
Տարօրինակութի՞ւն, երբե՛ք։
Եւ ահա սփիւռքահայ ուսանողներու մէջ ծագեցաւ
համարձակ միտք մը, իւրովի տօնել Վահրամ Փափազեանի
ութսունամեակը: Բայց ինչպէ՞ս:
Կը կազմուի ծրագիր: Ամենէն առաջ ապահովել ժամագրութիւն
մը մեծ դերասանէն հետ: Վարպետին ութսունամեակը
նշել էր իսկ տունէն մէջ, ստանալէ ետք իր
համաձայնութիւնը, եւ իրեն հետ որոշել մասնակից ուսանողներու
թիւը: Կարդալ ուղերձ մը եւ ապա յանձնել յուշանուէր
մը:
Ժամադրութիւն մը ապահովէլու պաշտօնը տրւեցաւ
բժշկական ուսանող՝ Ժոզէֆ Կիտանեանին եւ այս
էջերը ստորագրողին:
Երկուքս, հեռախօսով ժամադրուեցանք, որ իր մօտ
երթանք եւ տեղւոյն վրայ պարզենք մեր ծրագիրը եւ ապահովենք
իր հաւանութիւնը:
Համաձայն եղաւ ընդունիլ մեզ:
— Ի՞նչ կուզէ՜ք, չոճուխներս...
— Կուզենք ձեզի այցելութիւն մը տալ, վարպե՛տ,
ժամադրութեան մը համար:
— Ովքե՞ր Էք, չոճուխներս...
— Սփիւռքահայ ուսանողներ, Վարպե՛տ:
— Այսինքն, ո՞ր երկիրներէն...
— Հալէպէն, Պէյրութէն, Դամասկոսէն, Պաղտատէն...
— Հալէ՜պ, Հալէ՛պ... շո՛ւտ եկէք, շո՛ւտ, պէտք
ունիմ ձեզի, չոճուխներս, շուտ եկէք, կը սպասեմ...
Երեւանի Լենինեան պողոտայի թիւ 59 շէնքէն, ուր
մեր բնակարանն էր, մինչեւ Քիեւեան փողոցի թիւ 5 կամարին
վրայ բարձրացած շէնքը, մեծ չէր տարածութիւնը: