Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/162

Այս էջը սրբագրված է

ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՍԱՐՈՅԵԱՆ


Արեւմտահայութեան մէջ Արշալոյս անունը սովորաբար
յատկացուի իգական սեռէ անձի մը: Արեւելահայերուն
մէջ, ինչքան ալ զարմանալի թուի ատիկա, տղաներն
են արշալոյսները...

Երեւան: Գրողներու Տուն: Հայ համագումար
մը կազմակերպած են: Ելոյթ կունենայ կենտկոմի
երկրորդ քարտուղարը՝ Յովհաննէս Պաղտասարեանը: