— Մի բիվա խմե՞նք, — ըսաւ, օր մը:
— Խմենք,— պատասխանեցի:
Նստեցանք խմելու եւ մէկ շիշ գարեջուրը եղաւվ քսանչորս
շիշ... Անշուշտ մեծ մասը ինք խմեց, ու երբ ելաւ
ոտքի կարծես ոչինչ խմած ըլլար: Տարօրինակ տղայ Էր
Սլաւիկը:
Համարձակ էր, յամառ, ու քիչ մը... խուլիգան:
Ներէ ինծի, Սլաւիկ, այս բառին համար: Կրնար համբերութեան
մրցանիշ ունեցող մարդը կատաղօրէն զայրացնել
եւ խոժոռադէմ ի համբաւ ունեցողը՝ լիահագագ խնդացնել։
Այդպէս էր որ օր մը համբերութենէ դուրս բերաւ
հանդարտաբարոյ մարդու համբաւին տիրացած պատկալի
պրոֆեսոր մը՝ Մ. Մկրեանը:
Բանաստեղծ Էր: Յամառ էր նաեւ աշխատանքի մէջ։