Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/177

Այս էջը սրբագրված է

խօսէր, Չիլոյեանը ոտքի ելաւ ու դասախօսին երեսն ի վեր
պոռաց.

— Ասածներդ ճիշդ չեն։

Ու նստաւ։

Դասախօսը այնքան տարուած էր իր նիւթով, որ
չհասկցաւ եղած դիտողութիւնը ու շարունակեց խօսիլ:

Մինչ այդ Սլաւիկ ետին դարձաւ ու Բիւզանդին ուղղելով
խօսքը.

— Բիւզանդ ջան, մի—մի ռուբլի հաւաքիր գնամ
խմեմ։

Բիւզանդը ուզեց զայրոյթի հեղեղ թափել անոր գլխուն:
Բայց...

Անտաղանդ չէր Սլաւիկ: Թէ՛ լաւ կը գրէր, թէ՛ լաւ
կը թարգմանէր: Բայց կատարեալ փորձանք մըն էր եւ այն
ալ ի՜նչ փորձանը...

Կը ներկայանայ «Սովետական Հայաստան» թերթի
խմբագրութեան եւ ինքնագիր բանաստեղծութիւն մը կը
դնէ սեղանին՝ տպագրութեան համար:

Խմբագիրը չի հաւնիր գրութիւնը:

— Էս բանաստեղծութիւն չի...

— Լաւ, որ լաւը չի, մի տպի:

Ու սուլելով կելլէ դուրս: Կէլլէ, բայց որոշած է
ընելիքը:

Քանի մը օր ետք, նամակատան միջոցով նո՛յն
բանաստեղծութիւնը, մեքենագրուած եւ ստորագրուած...
«Սիլվա Կապուտիկեան» կը ղրկէ խմբագրութեան:

Բանաստեղծութիւնը կը տպուի օրաթերթին մէջ:
Ոչ ոք կը հասկնայ խաղը: Օրեր ետք, կը հեռախօսեն
Կապուտիկեանին, որ երթայ ստանայ իր գործին պատւագինը:
«Ի՛նչ բանաստեղծութիւն», կըսէ Սիլվան: Կու
տան խորագիրը, «էս էդ տեսակ բանաստեղծութիւն չեմ
գրել մանաւանդ ձեզ չեմ ուղարկել»: Ապա կը գտնէ օրաթերթին
խնդրոյ առարկայ թիւը, ուր «իր» բանաստեղծութիւնը
տպուած է. կը կարդայ, կը զարմանայ, ու հեռախօսը
վերցնելով տեղն ու տեղը կը յայտնէ թէ սխալմունք
կայ, այս գործին հեղինակը ինք չէ: