Փետրուարեան արձակուրդի օրերուն, 1964 թուին,
երբ տակաւին Երեւանի պետական համալսարանի ուսանող
էի, մեզ, խումբ մը սփիւռքահայ ուսանողներս, ղրկեցին
տասնօրեայ պտոյտի դէպի Անդրկովկասի երբեմնի մայրաքաղաքը
Թիֆլիս:
Մեզի համար երազ էր տեսնել Թիֆլիսը։ Մեր մշակոյթի
օրրաններէն մէկը։ Ինչե՜ր պիտի տեսնէինք
հոն... Թումանեանի Վերնատունը, Սայեաթ Նովայի գերեզմանը,
Մետեխի բանտը։
Գնացինք։ Մեզ առաջնորդողը համալսարանի դասա–