Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/55

Այս էջը սրբագրված է

Քիչ անդին նստած էր Արամ—Արմանը, որ հումակեր
ըլլալուն, իր հետ բերած էր արմաւ ու մրգեղէն եւ
կամաց—կամաց ճաշակելով իր իսկ բերածները, կը խնդար
քիթին տակէն հաւանաբար իր հաւանութիւնը յայտնելու
համար Գրիգոր Կիւլեանի կարծիքին։

Մենք խումբով կը հակաճառէինք, եւ օրինակներ
կուտայինք։ Յանկարծ, բոլորս մէկ կեդրոնացանք անունի
մը շուրջ — Ակսել Բակունց:

— Կիւլեան, կրնա՞ս ըսել թէ Բակունցը պզտիկ
գրող է։ Եկուր վերլուծենք «Միրհաւը», «Ալպիական Մանուշակ»ը,
«Մթնաձոր»ը, «Նամակ Ռուսաց թագաւորին»ը,
ո՞ր մէկ պատմուածքը որ կուզես անկրկնելի Բակունցէն։
Խօսէ՛, ինլո՞ւ լռեցիր։

— Որպէս արձակագիր ու որպէս մարդ, կընդունիմ
Բակունցէն մեծութիւնը։ Բայց թոյլ տուէք կասկածիլ իր
արեւելահայ ըլլալուն: Այս մարդուն մէջ ես արեւմտահայ
մը կը տեսնեմ։ Իր իւրաքանչիւր տողին մէջ, մաածելու
եղանակին մէջ, հայ տարագիրներուն, գաղթականներուն
օգնելու համար իր փութաջան եռանդին մէջ իսկ... Ինծէ
ժամանակ տուէք, որ ստուգեմ այս հարցը։

Գնաց ու երկու ամիս չերեւցաւ։ Իրեն անժամկէտ
ժամանակ տուած էինք: Քանի մը հողի մեր սեղանակիցներէն
զինք պատահաբար տեսած էին Երեւան եւ էջմիածին։
Ու ինք ակնարկելով մեր վէճին, ըսած էր առանց
վարանելու... «Բակունցէն այդ հարցը լուծեմ, յետոյ կը
խօսէմ ձեզի հետ»:

Ընդմիջուող կաղութիւն կոչուող հիւանդութիւնը
ունէր։ Մոլի ծխող մըն էր։ Իսկ ծխախոտը, իր այդ հիւանդութեան
պարագային, իր թիւ մէկ թշնամին էր։ Նիքոթինը
պատճառ կըլլար ստորէն վերջոյթներու երակներու նե–
գացումին, կը դժուարացնէր անդամներու սնուցումը եւ
քալելու միջոցին անտանելի, անհանդուրժելի ցաւեր կը
պատճառէր:

Որպէս բժշկական ուսանող յաջողեցայ զինք ընդունիլ
տաք Պրոֆ. Գէորգեանի պաշտօնավարած հիւանդանոցը:
Պատուիրեցի իրեն որ չծխէ։ Մոսկուայի Բժշկ. Գիտու–