Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/11

Այս էջը հաստատված է

որուն մէջ բազմաթիւ ուշագրաւ էջերու կարգին կը ստորագրէ իր քննադատական լաւագոյն ուսումնսւսիրութիւններէն մէկը, Լ. Շանթի «Հին Աստուածներուն» նուիրուած:

Ժ

1914-ին կը պայթի առաջին համաշխարհային պատերազմը։ Հայութեան երկու հատուածներն ալ կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը այս պատերազմին։ Արեւելահայ հատուածը իր բախտը կը կապէ ռուսական զէնքերուն, կը կազմուի Հայոց Ազզ. Պիւրօ եւ Հայ Կամաւորական Գունդերու Կազմակերպիչ Մարմին: Ն. Աղբալեան այս երկու մարմիններուն մէջ ալ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ. կռուող զօրքին հետ կը մեկնի ճակատ, կը բաժնէ ճակատին վրայ հայ զօրքին կրած դառնութիւնները: Հայ զօրքին հհտ կը մտնէ Վան, Պիթլիս: Ճակատի գործողութիւններուն հետեւելով մէկտեղ, առիթ կը գտնէ հետաքրքրուելու եւ փրկելու բազմահազար գրքեր կիսափուլ վանքերու, տուներու փլատակներու մէջէն, որոնց մէջ կը գտնուէին բազմաթիւ ձեռագիրներ եւ թանկարժէք հրատարկութիւններ:

Մօտ հինգ տարի տեւող պատերազմի վերջաւորութեան, բուռն ճակատամարտներու գնով, հայութիւնը կը տիրանայ իր անկախութեան: Կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Առաջին անգամ հայոց հողին վրայ, հայութիւնը կ՚ունենայ հանրապետական վարչակարգ եւ խորհրդարան։ Ն. Աղբալեան ազատ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ կ՚ընտրուի եւ այդ հանգամանքով կը մնայ մինչեւ հանրապետութեան վախճանը, հանդիսանալով խորհրդարանի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկը:

1919-ին Ն. Աղբալեանի կը վիճակուի Հայաստանի Հանրային Լուսաւորության Նախարարի պատասխանատու պաշտօնը, որ կը տանի իր անձին վայել լրջութեամբ : Իրեն կը վիճակուի նաեւ Ազատ Հայաստանի հողին վրայ առաջին համալսարանի հիմնադրութեան պատիւը եւ կրթական ծրագրի պատրաստութեան հոգը:

Այդ շրջանին կը զուգադիպի յայտնաբերումը սկսնակ բանաստեղծ Ե. Չարենցի, որ Կարսի մէջ համեստ ուսուցչի պաշտօն կը վարէր եւ որ նոր լոյս ընծայած էր քերթուածներու երկու տետրակ իւրայատուկ խորագրերով. «Երեք երգ տխրադալուկ աղջկան» եւ «Դանտէական առասպել»: Ն. Աղբալեան մեկնելով այդ տետրակներէն՝ խորհրդարանի դահլիճին մէջ հրապարակային դասախօսութիւնով մը հանրութեան կը ներկայացնէ քերթողը, կը բնորոշէ անոր սկսնակի արժանիքը եւ կը նախատեսէ փայլուն ապագայ։ Աւելին,Ն. Աղբալեան կը հրաւիրէ Չարենցը Երեւան եւ իր նախարարական գրասենեակին կից բաժնին մէջ անոր կու տայ գործ եւ թոշակ, հնարաւորութիւն տալով երիտասարդ քերթողին ստեղծագործելու: Չարենց իր յետագայ գրական վաստակով լիովին կ՚արդարացնէ Ն. Աղբալեանի նախատեսութիւնները:

Շանթէն, Իսահակեանէն, Թումանեանէն, Դէմիրճեանէն, Տէրեանէն եւ Զօրեանէն յետոյ՝ Չարենց կը հանդիսանայ եօթներորդ գրողը, որուն վրայ անսխալ կերպով կ՚իյնար Ն.Աղբալեանի խորաթափանց մտքին լուսարձակը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկար չի տեւեր. թրքական ու ռուսական դաւերն ու ոտնձգութիւններր կը հարկադրեն Հայաստանը՝ ընդունելու խորհրդային