Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/12

Այս էջը հաստատված է

իրավակարգ: Հակառակ նախապէս կայացած համաձայնութեան՝ Հայաստանի բանտերը կը լեցուին պետական գործիչներով, մտաւորականներով: Ն. Աղբալեան եւս կը նետուի բանտ եւ կը ճաշակե Պոլշևիկեան բանտին դառնութիւնները։ Բանտին մէջ սկսած էր գործել կացինը, երբ կը պայթի փետրուարեան ապստամբութիւնը, կը խորտակուին բանտերուն դռները, կ՚ազատուին կացնահարութենէ զերծ մնացածները եւ երկրէն դուրս կը վտարուին նորեկ իշխանաւորները :

1921-ի Ապրիլին, սակայն, Ն. Աղբալեան ուրիշ հազարաւորներու հետ կը բռնէ տարագրութեան ճամբան, նախ Պարսկաստան, ապա Եգիպտոս , ուր Ալեքսանդրիոյ Ագգ. Պօղոսեան վարժարանի տեսչութիւնը կը ստանձնէ ու կը վարէ մինչեւ 1928 թուականը։

1928-ին իր վաղեմի ընկերոջ Լ. Շանթի եւ խումբ մը մտաւորական եւ հանրային գործիչներու հետ կը հիմնեն Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական «Համազգային» ընկերութիւնը, որուն մշակութային ծրագրի պատրաստութեան մէջ մեծ բաժին կ՚ունենայ ինք: Չանցած երկու տարի, 1930-ին Ն. Աղբալեան եւ Լ. Շանթ կը հիմնեն Հայ ճեմարանը, որուն մինչեւ մահ կը դառնայ տնօրէն խորհուրդի անդամ եւ նոյն հաստատութեան բարձրագոյն կարգերուն մէջ կը դասաւանդէ գրաբար եւ Հայ գրականութեան պատմութիւն:

Արտասահմանի մէջ Ն. Աղբալեան կ՚ունենայ բազմակողմանի գործունէութիւն մը՝ գրական, հասարակական եւ մանկավարժական մարզերուն մէջ: Իր գրական գործունէութիւնը բազմասեռ է- յուշագրութիւն, կուսակցական գրականութիւն, բանասիրութիւն, գրական քննադատութիւն, գրապատմական ուսումնասիրութիւններ։ 1921-23 թուականներուն Պարսկաստանի մէջ գրի կ՚առնէ կարգ մը յեղափոխական գործիչներու յուշերը, որոնք լոյս կը տեսնեն «Հայրենիք» ամսագրի մէջ։ 1926էն սկսած պարբերաբար կ՚աշխատակցի Երուսաղէմի «Սիոն»ին եւ Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»ին բանասիրական եւ լեզուաբանական ուսումնասիրութիւններով, «Հայրենիք» Ամսագրին եւ «Յուսաբեր»ին, «Վէմ»ին գրապատմական, քննադատական եւ հանրային բնոյթ կրող յօդուածներով։

1928-ին «Դրօշակ»էն արտատպուելով առանձին հատորով կը հրատարակուի իր «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին» անուն գործը. 1937-ին երկու փոքրիկ տետրակներ՝ նուիրուած Դաշնակցութեան կանոնագրի պարզաբանման: Տարիներ առաջ Թիֆլիսի մէջ հրատարակած էր «Սոցիալիստ Յեղափոխականների ծրագիրը»:

Առաւելաբար արտասահմանի մէջ է, որ Ն. Աղբալեան կը հրատարակէ բանասիրական - լեզուաբանական ուսումնասիրութիւններ, հայերէն լեզուի եւ հայ բառագանձին նուիրուած։ Այլ եւ այլ պարբերաթերթերու մէջ լոյս կը տեսնեն «Դիտողությիւններ Հայոց, լեզուի Մասին»,«Հնչաբանական Դիտողություններ», «Բանասիրական Մանրուք» խորագրերը կրող ուսումնասիրութիւնները :

Նոյն 1987-ին պրակ առ պրակ լոյս կ՚ընծայէ տարիներու հաւաքումի եւ համադրումի արդիւնք իր «Բանասէրի Յուշագիրը» ուր կը գծէ եղանակն ու ուղին իր տեսութեան հայոց լեզուի բառագանձի հետազօտութեան: «Հայրենիք» ամսագրի, «Յուսաբեր»ի, «Ազդակ»ի, «Ազդարար»ի, «Ակօս»ի եւ այլ պարբերական հրատարակութիւններու մէջ ցրուած կը գտնենք բազմաթիւ շահեկան յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ