Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/13

Այս էջը հաստատված է

ԺԲ

մէկ-երկու ծաւալուն հատոր լեցնելու չափ հարուստ նիւթով:

1944–էն կանոնաւոր կերպով կ՛աշխատակցի «Ակօս» պարբերականին՝ մաս առ մաս հրատարակելով «Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան» ներածութիւնը, որ յետագային հատորի ձեւով լոյս պիտի տեսնէր, դժբախտաբար առանց նիւթին մէջ մտնելու հնարաւորութեան հասնելու:

1944-45 տարիներուն, «Ազդակ» շաբաթօրեակի մէջ կը հրատարակէ Սայաթ Նովայի տաղերու մեկնաբանութեան նուիրուած բովանդակալից ուսումնասիրութիւնը, դարձեալ կիսատ մնացած, իսկ տարիներ առաջ պատրաստած էր Սայաթ Նովայի բառարանը, ընդարձակ գործ մը, որ իր բնոյթին պատճառով ցարդ հրատարակելու բախտին չէ արժանացած, եւ որը սակայն չափազանց կարեւոր նպաստ մը կը բերէ Սայաթ Նովայի անձի, գործի եւ արուեստի ուսումնասիրութեան։

Արտասահմանի մէջ իր գրական–մանկավարժական զործունէութեան զուգահեռ Ն.Աղբալեան կը դառնայ Հայ մշակոյթի շրջուն քարոզիչը՝ Պարսկաստանէն Եգիպտոս, Ֆրանսա, Սուրիա, բայց մանաւանդ Լիբանան: Անզուգական հռետոր մըն էր եւ ներհուն դասախօր մը, որ խօսած է որքան մտաւորականին, նոյնքան հասարակ ժողովուրդին, միշտ մատչելի, հաղորդական ու առինքնող շունչով մը։ Իր տուած հարիւրաւոր դասախօսութիւններուն կեդրոնը կը բռնէ հայ մշակոյթը՝ սկսած հայ գրականութեան հնագոյն շրջաններէն մինչեւ Ոսկեդար եւ յաջորդող դարերը, իւրաքանչիւր մատենագիր առանձին առանձին ներկայացնելով, որոնք օրը օրին գրի առնուելով իր իսկ կողմէ լոյս կը տեսնեն մամուլի մէջ, աւելի յետոյ առանձին հատորով հրատարակուելու համար, «Դասախօսութիւններ» խորագրին տակ:

Սպառիչ կերպով եւ խոր հմտութեամբ ներկայացուցած է ԺԹ. դարը եւ Ի. դարու առաջին կէսի, մշակութային կեանքը եւ հանրային բնոյթ կրող հարցերը, անուանի գրողները, միշտ ալ ունկնդիրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Իր կեանքի վերջին տարիները Ն. Աղբալեան կ՚ապրէր, քայքայուած առողջութեամբ. արնախոնումը եւ շնչատութիւնը կը հարկադրեն զինքը հրաժարելու մանկավարժական եւ հանրային ամէն աշխատանքէ: Գրեթէ մեկուսացած իր Շթորայի բնակարանին մէջ. Իր աչքերը ընդմիշտ կը փակէ 1947 Օգոստոս 15–ի առտըւան դէմ, 74 տարեկան հասակին մէջ:

Մահուան լուրը իսկոյն կը տարածուի Պէյրութի մէջ եւ նոյն օրը տրուած հեռագիրները աշխարհի հայաշատ բոլոր կեդրոններուն՝ կը գուժեն մեծ մտաւորականին մահը: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոս 19-ին եւ աւելի քան 20000 սգակիրներու բազմութիւն մը կը հետեւի հայութեան մեծ զաւկի դագաղին մինչեւ անոր վերջին հանգստարանը, ինչպէս կը վկայեն այդ օրերու թեթերը։

Սփիւռքի հայ մամուլը եւ մտաւորականութիւնը լայն սիւնակներ կը նուիրեն մեծ անհետացողի կեանքին ու գործին՝ ընդգծելով անոր բերած նպաստը հայ ժողովուրդին եւ հայ մշակոյթին՝ վեր հանելով ամբասիր հայ գործիչին եւ բարձր մտաւորականին առաքելատիպ դէմքը:

Գ. Ք.