Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/14

Այս էջը հաստատված է

ԱՂԲԱԼԵԱՆ՝ ՔՆՆԱԴԱՏ

______________

«Կոչումս ի՞նչ է» — ես էլ չգիտեմ։ Ոմանք ասում Են քննադատ Եմ: Ուրիշների կարծիքով մատենագիր եմ։ Ուրիշ բաներ էլ են ասում։ Իմ գիտցածովս ես էլ, շատերի պէս, ամէն բան եմ եւ ոչինչ եմ» [1]:

Հասուն տարիքին, ուժերու եւ տաղանդի լիութեանը մէջ, Աղբալեան այս բառերով կը փորձէ բնորոշել իր կոչումը: Որքան ալ հեգնական ըլլայ շեշտր՝ պատրանաթափ թախիծն ու համակերպումը զգալի են: Անցեալի մէջ ուզած է «բա՛ն մը» ըլլայ միայն, բայց կեանքը «ամէն բան» ըրած է զինք։ «Յարատեւ» չէ եղած, չէ կրցած «սահմանափակուիլ եւ նեղնալ». սուրը չէ թողած որ երգիչ դառնայ, երգը չէ թողած որ մարտիկ դառնայ: Նոր դիմաշրջում մը կարելի չէ այլեւս: Եւ Աղբալեան դառնօրէն կ՝եզրակացնէ թէ ոչինչ է:

Անարդար է, սակայն, այս դատումը. գո՛նէ չափազանցած: «Ամէն բան» է, անշուշտ, բայց ոչինչ չէ՛,բնա՛ւ: «Ամէն բան» է մաս առ մաս, իր հոգեկան կարողութիւններու զանազան արտայայտութիւններով, իր հարուստ խառնուածքի այլազան տարրերով: Բայց անոնց համադիր գումարը ներդաշնակ ամբողջն է իմաստասէր եւ արուեստագէտ անփոխարինելի հոգիի մը: Քննադատութիւնն ու մատենագրութիւնը շատ հեռու չեն իրարմէ, երկուքն ալ կը պահանջեն վերլուծող միտք եւ համակիր ըմբռնողութիւն։ Իսկ վերլուծումը, վերծանումը, տիրական ձգտումն է Աղբալեանի հոգեմտաւոր աշխարհին: «Ուրիշ բաներ»ն ալ, որ «ասում են» այս միեւնոյն ձգտումն ունին որպէս ընդհանուր յայտարար:

Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով օժտուած միտք, արուեստագէտի գանձերով հարուստ հոգի՝ Աղբալեան կեանք կը մտնէ գեղեցիկ երազներով: «պոէտ»ն է ան, բանի սպասարկուն: Միջավայրը, սակայն, միայն զեղեցիկի փնտռտուքը չ՝ընդունիր որպէս կեանքի արդարացում: Օգտակարը նախամեծար է, «նախ քաղարացի եւ ապա պոէտ»: Այս ոգիով ալ դաստիարակուած է Աղբալեան: Բնական հակումն ու միջավայրի պահանջը կը հակադրուին իրարու: Աղբալեան յօժար է միտքով, կամքով, բայց զգացումներու աշխարհը չի հրաժարիր իր պահանջներէն: Կամքը կը յաջողի իր գերիշխանութիւնը պարտադրել կեանքին եւ տալ անոր գաղափարական անշեղ սկզբունքներու կռուանը, բայց զգացումի թելադրանքները անարձագանք չեն մնար իր հոգիին մէջ: Յստակ է հանրային հրամայականը եւ չափով մը պարտադիր. սակայն փորձիչ է հակումներու ճամբան, որ երազանքի կը տանի, ծուլանքի, վայելքի:

Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ իր բոլոր երկերուն մէջ՝ Աղբալեան հարկատու եղած է այս զոյգ պահանջներուն. ոչ քաղաքացիի իտէալը հասած է լրիւ

  1. ինքնակենսագրութիւն՝ դրուած «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին» հատորի սկիզբը