ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿեԱՆ
Քանի մը շաբաթ առաջ նոյն այս սրահին մէջ հոծ բաղմութեամբ տօնախմբեցին Ա. Իսահակեանին եօթանասունամեակը: Նոյնքան հոծ բազմութեամբ այսօր հաւանուած ենք նոյն նպատակով: Վստահ եմ, որ եթէ վաղը ուրիշ մշակութային հաստատութիւն մը նոյն նպատակով դիմէր հանրութեան, պիտի համախմբէր նոյնքան մեծ բազմութիւն: Ե՛ւ բնական է ե՛ւ հասկնալի: Ա. Իսահակեան ծանօթ է ամէնքին, ամէնքը կարդացած են անոր երգերը, սիրած են եւ երգած: Եւ այսպէս եղած է առաջին օրէն, երբ 1898 Թ. լոյս տեսաւ իր փոքրիկ գրքոոյկը «Երգեր ու Վէրքեր»։ Ուրախ եմ որ այդ գրքին առաջին գնահատողն եղած եմ այն տարին եւ անոր հեղինակին մէջ մատնանշած եմ նշանաւոր բանաստեղծ մը։ Մարգարէութիւնս շիտակ դուրս եկաւ եւ հիմա կրկնակի ուրախ եմ, որ պատեհութիւն ունիմ յիսուն տարի յետոյ անոր եօթանասունամեակին տօնախմբութեան մասնակցելու:
Ա. Իսահակեան գրած է երգեր, քերթուած մը՝ «Աբու Լալա Մահարի» արեւելեան զրոյցներ եւ կենցաղական մեծ վէպ մը՝ «Ուստա Կարօն», բայց ան գերազանցապէս քնարական բանաստեղծ է եւ ես բանաստեղծ է, որ մասին է, որ պիտի խօսէմ եւ յատկապէս պարզեմ թէ ո՛ւր է անոր մեծ ժողովրդականութեան պատճառը եւ ո՛րն է իր հանրային դերը մեր կեանքին մէջ։
Ինքն էր մասին կ՚ըսէ.-
Ես երգիչ եմ, — երկնի թիթեռ, Ես գանձ չունիմ — լեռ ու բեռ. Ես սիրում եմ ծաղիկ, աղջիկ,
- 120 -