Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/156

Այս էջը սրբագրված է

Ուրիշին գրկած ես քեզ եմ զգում

Ուրիշի գրկում՝ ես քոնն եմ յաւերժ…

Ու նաեւ դառնօրէն կը համոզուի թէ զգացական հաճոյքի մէջ

Սէրն է անկումը մեր աստուածութեան,

Շրջմոլիկ հուրը կրքերի ճահճի.

Այս հաճոյալից եւ մոլեգին կեանքէն իբր դիրք իր հոգիին մէջ կը մնայ հաւատքի կորուստը դէպի մարդը, կինն եւ ընկերը։

Տարիները կ՞անցնին. ճերմակը սեւին կը խառնուի մազերուն մէջ: Ըմբոստ հոգին կը համակերպի ակամայ եւ տրտմութիւնը կը դառնայ տիրական տրամագրութիւն։ Սիրոյ նոր փորձերէն կը խուսափի ան. եւ ժամանակ է արդէն. յիսուն տարեկան է: Համը բերնին մէջ է, բայց եւ ահը որտին մէջ.

Մի մրայօն աղջիկ տեսայ

Միալտոյի կամուրջին

Յորդ մազերը գետ գիշերուայ

Եւ յակինթներ ականջին.

Աչքերը սեւ— արեւներ սեւ

Արեւների պէս անշէջ,

Գալարում էր մէջքը թեթեւ.

Ծաղկանկար շալի մէջ:

Աչքս դիպաւ աչքի բոցին

Ու գլուխս կախեցի.

Ժպտաց ժպտով առեղծուածի

Յաւերժական կանացի:

Միամիտ չեմ՝ հաւատամ քեզ.

Տառապանքս փորձ ունի.

Մի մրայօն կոյս էր քեզ պէս

Կոտրեց սիրտս պատանի…

Արդէն կը զգայ մահուան շունչը. եւ խո՞րապէս: Տրտում աչքերով կը տեսնէ եւ շա՛տ պարզ, որ ամէն ինչ անցաւոր է այս աշխարհին մէջ եւ, աւա՜ղ, անցած են արդէն իր կեանքին թարմ օրերը. կը տեւէ կեանքը տիեզերքին մէջ եւ ինքն է, որ մօտ է չքացման։