Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/158

Այս էջը սրբագրված է

Ո՞վ չէ հաճոյքին կառչած իր վիշտը մոռնալու համար։ Ո՞ր սիրաբեկ սիրտն է, որ չէ տրտմած գարնան եւ չէ աւաղած իր թօշնումը, երբ տեսած է թարմ ծաղիկ ու աղջիկ եւ ո՞վ է, որ չէ վշտացած աշնան, յիշելով իր լաւ օրերը եւ զգալով մօտալուտ վախճանը։ Այս ամէնը տիպար ապրումներ են եւ սովորական ընթածիրն է բազմաթիւ հոգիներու։

Ո՞րն է բանաստեղծի կոչումը։ Իր անուան մէջ է իր կոչումը-բանաստեղծ, այսինքն «բան» ստեղծող, որ կը նշանակէ խօսք եւ միտք ստեղծող։ Որո՞ւ կամ ինչի՞ համար-իր ներքին աշխարհն արտայայտելու համար։ Ու երր բանաստեղծի ներքին աշխարհը տիպար ապրումներ ունի, այսինքն կ՚ապրի նոյն սէրն ու վիշտը, կսկիծն ու մորմոքը, սրտաբեկումն ու սիրասթափումը, որ կ՚ապրինք նաեւ մենք՝ այն ժամանակ իր ստեղծած «բանը» կը խօսի նաեւ մեր սրտին եւ մեր սրտէն։ Մենք կը համազգանք բանաստեղծին։ Մեր ապրումները նման են, բայց նման չեն մեր կարողութիւնները: Ան բանաստեղծ է եւ տաղանդ ունի, իսկ մենք սովորական մարդիկ ենք։ Ան աւելի պայծառ կե զգայ քան մենք եւ աւելի գեղեցիկ կը խօսի իր ապրումի մասին։ Անոր պայծառ եւ գեղեցիկ խօսքը, որ մի երգ է, կը դառնայ երգը եւ մե՛ր ապրումի։ Եւ մենք կը սիրենք ու կ՚երգենք անոր խօսքը, որովհետեւ ատով մեր ապրումն է, որ կ՚երգենք։ Անոր փորած հունով կը հոսի մեր զգացումը։ Մեր վիշտն ու սրտաբեկումը կը դառնան հնչուն եւ գեղեցիկ եւ ա՛յն ինչ որ տառապանք էր, կը դառնայ վայելք։ Իսկ երբ իր պատկերները հայրենի աշխարհէն առնուած են եւ մեզ սովոր աշխարհէն, երբ անոնք ցայտուն են եւ անմիջապէս կը նկարուին մեր աչքին, երբ իր լեզուն պարզ է եւ մտերիմ, ասոյթները հարազատ եւ մայրենի՝ այն ատեն բանաստեղծի «բանը» մեզ հիացում կ՚աղդէ եւ մեր սիրտը կը լեցուի սիրով դէպի այն մարդը, որ այդքան մեծ շնորհք ունի մեր սրտին խօսելու այնքան պարզ, գեղեցիկ եւ մտերիմ եւ մեր ապրումը կը դարձնէ արուեստի գործ։ Յիսուն տարի է հայ մարդը՝ լինի երազող պատանի, սիրատարփ երիտասարդ թէ հիասթափ տարէց՝ իր սրտի ապրումներուն իբր հուն կ՚օգագործէ Աւ. Իսահակեանի ստեղծած «բանը»: Սիրով սրտապեկը, կեանքէն դառնացածը, տրտում մահազգացը յիսուն տարի է գիտեն, որ մինակ չեն տառապանքի մէջ, որ ազգին նշանաւոր բանաստեղծը ունին իբր ցաւընկեր եւ թարգման: Հասկանալի է հիմա թէ ինչո՞ւ ան սիրուած է եւ իր երգերն ամէնի բերանն են եւ ինչո՞ւ հոծ բազմութեամբ կ՚երթան