Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/159

Այս էջը սրբագրված է

ամէն հրաւէրի5 ուր՝ կը լսեն թէ խօսք պիտի ըլլայ իրենց սիրած բանաստեղծի մասին: Այսպէս են ամէնքը, որ ժողովուրդի սրտէն ջուր կը խմեն:

Աւ. Իսահակեան անարուեստ հեղինակ է, եթէ արուեստ ասելով հասկանալ ուզեն գործի յղկումը։ Նա Շիրակի ծնունդ է, ուր ժողովուրդը կը խօսի արեւմտեան բարբառ (Կարնոյ) եւ Աւ. Իսահակեան կը գրէ լեզուով մը, որ միապէս հասկանալի է թէ մեր երկրի ներսը թէ դուրսը: Շիրակը մեր մանիների աշխարհն է, ուր գիւղացի աղջիկները ամէն տարի կը ստեղծեն նոր ու նոր երգեր իրենց շուրջպարի ընթացքին: Նաեւ աշուղների աշխարհն է Շիրակը, ուր քաղաքի բանուկ սրճարանին տարիներ առաջ կ՚երգէր ու կը նուագէր Ջիւանին, իսկ իր հետեւորդները իրենց սազով ու երգով կը թափառէին Շիրակի գիւղերը։ Մեր բանաստեղծին ականջը դեռ վաղ տարիքէն լեցուած է ռամկի սրտաբուխ երգերով եւ ան ստեղծած է անոնց արուեստով, որ համարած է միակն եւ իսկականը. Տարիներ յետոյ միայն ան գրած է միմիայն մաքուր գրական լեզուով, բայց միշտ մնալով պարզ ու մատչելի: Ոչ մէկ ճիգ կը նկատուի իր երգերուն մէջ եւ ոչ մէկ յղկում: «Սրտաբուխ» բառը կարծէք յօրինուած է անոր երգերը որակելու համար: Թէեւ ճեմարան ուսած է եւ Գերմանիա եղած, բայց երբ դրիչը ձեռք առնէ՝ ան շիրակեցի հայ մարդն է, պարզ սիրտ, երազուն հոգի. բայց սիրախոց սիրտ եւ վշտահար հոգի, համակերպած ու տրտում, ինչպէս հայ ժողովուրդը:

Լինելով մեզ ընկեր իբր սրտաբեկ եւ մահազգաց՝ ան վեր է մեզմէ իր հոգիին ուրիշ ապրումներով: Ամենէն աոաջ ան յամառ երազողն է մեր մէջ որ երբեք չէ հաշտուած իրական կեանքին հետ. երազն իր աչքին միակ իրաւացին է, իսկ իրականը բիրտ եւ անիրաւ. ուստի միշտ վեր է կեանքէն և ատեցող առօրեան: Եւ ապա անոր մէջ միշտ կենդանի ապրում մրն է համազգացումը տիեզերական կեանքին: Չեմ ըսեր թէ մտածողն է ան, բայց խոկացողն է մեր մէջ: Տիեզերքը լայնօրէն կ՚արձագանքէ անոր հոգիին մէջ եւ այդ մտերմութեան մէջ միշտ կը թարմանայ անոր կորովը եւ սիրտն ուժ կը ստանայ տաղտրկալի աոօրեան ապրելու: Այս լայն համազգացումն է, որ մեր բանաստեղծին կը դարձնէ համակիր եւ կարեկից մարդկային թշուառութեան, խոնարհ խաւերու տառապանքին եւ ազատութեան խոյանքներուն: Նիցշէի ազդեցութեան տակ, որ տիեզերական հռչակ ունէր մեր բանաստեղծի երիտասարդ