Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/20

Այս էջը հաստատված է

միայն: Արուեստագէտը ազատ Է իր ուրոյն ձգտումներն ունենալու կեանքի մէջ եւ զանոնք արտայայտելու իր երկով, բայց բացայայտ քարոզի շեշտէն պէտք Է խուսափի: Առողջ այս սկզբունքէն մեկնելով՝ Աղբալեան անվերադարձ կը դատապարտէ Հր. Ֆալեանի «հաշտութիւն»ը, ուր հեղինակի նախապաշար միջամտութիւնն զգալի Է եւ «աւերիչ», ու վերապահ դիրք կը բռնէ Արամայիսի «փոքրիկ պատկերներ»ուն հանդէպ, ուր հանրօգուտ միտումը զգալի է առանցք բոլորովին վնասակար դառնալու:

ԺԹ

Որովհետեւ արուեստի անհրաժեշտ պայմաններէն մէկն ալ հարազաաութիւնն ու բնականութիւնն է. իսկ ուր կայ նախապաշար դիտում՝ հոն կը ատեզծուի անբնական մթնոլորտ: Աղբալեան անխնայ կը հարուածէ շինծուն ու բռնազբօսիկը եւ նրբօրէն կը գնահատէ հարազատը: Արդէն յիշուած Ֆալեանի գիրքին մասին կ՝ըսէ. Հայստեղից մենք հասնում ենք գրուածքի ամենաթոյլ կողմին. նա շինծու է» Միւս կողմէ անվերապահ գնահատումով կարտայայտուի Հ. Թումանեանի «Քաջ Նազարին» մասին: Կը ներկայացնէ հեղինակի յաւելումները ժողովրդական զրոյցին եւ կը հաստատէ, թէ անոնք հակագեղարուեստական չեն, որովհետեւ անբնական չեն:

Բնականութիւնը ըմբռնելի չէ առանց անկեղծութեան, որ տաղանդի արտայայտութիւն է Աղբալեանի աչքին: Գրականութիւնը, մասնաւորաբար, պէտք է ըլլայ, որովհետեւ «գրելը պէտք է խոստովանութիւն լինի, իսկ խոստովանութիւնը պահանջում է գերագոյն անկեդծութիւն»[1]: Խոստովանութիւն բառը չի վերաբերիր գրուածքի սեռին, այլ էութեան: Ինչ սեռի ալ պատկանի գրուածքը Աղբալեան միեւնոյն անկեղծութիւնը կը պահանջէ հեղինակէն. արուեստը խոստովանութիւն է, որովհետեւ հոգիի մը կանչին արտայայտութիւնն է։

Այս բոլոր յատկանիշներէն զատ Աղբալեան արուեստի գործէն եւ յատկապէս դրական երկէն կը պահանջէ պարզութիւն, խտութիւն, ներդաշնակութիւն։ Թերեւս չափազանցուած պարզացումի ենթարկելով հարցը կը յայտարարէ, թէ արուեստի գլխաւոր օրէնքը խնայողութիւն է, հետեւաբար գրական երկը պէտք է ըլլայ խիտ, կարճ ու կուռ. քիչ բառերով շատ բան արտայայտող: Պէտք չէ բացարձակ եւ այլամերժ իմաստով առնել այս հաստատումը եւ խտութիւնը ըմբռնել ոչ թէ որպէս օրինական պահանջ, այլ իրր առհասարակ սիրուող ու գնահատուող յատկանիշ, ինչ կը վերաբերի ներդաշնակութեան պահանջին, հոս արդէն կարելի է խօսիլ օրէնքի մասին: «Հաշտութիւն»ի իր գրախօսականին մԷջ Աղբալեան կը գրէ. «Միայն այս ճամբով մենք կարող ենք ստեղծել ներդաշնակ ու պարզ հետեւապէս եւ գեզեցիկի զգացումը»[2]: Այս երկու հաստատումներու մէջ ալ «Հետեյօդուածին մէջ կըսէ. «համադրելու կարողութիւնը պակասում էր նրան, հետեւապէս եւ գեղեցիկի զգացումը»[1]: Այս երկու հաստատումներու մեջ ալ «Հէտեւապէս»ը պէտք չէ հասկնալ իբր պատճառականութիւն ցուցնող բառ, այլ՝ որպէս միաժամանակ եւ միասին գոյութեան արտայայտութիւն, տեսակ մը հաւասարութեան

  1. 1,0 1,1 Մ. Մանուէլյանի «Victus Vos Salutat»y. «Հորիզոն», 1912. թիւ 239:
  2. «Ա. Արասխանեան—«հորիզոն», 1912. թիւ 268: