Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/23

Այս էջը հաստատված է

ԻԲ

չափանիշներով, այլ նաեւ գիրքի հերոսներուն՝ նորահաս երիտասարդի խանդավառ ծայրայեղութեամբ:

Հոլովոյթի երկրորդ հանգրուանին, այսինքն Ա. ընդհանուր պատերազմը նախորդ եւ յաջորդ տարիներուն՝ Աղբալեան աւելի լայն տեղ կու տայ արուեստին, պահելով հանդերձ հանրային գերակշիռ չափանիշը: Բայց իր հոգին աւելի հասուն է արդէն, անհատականութիւնը՝ աւելի շեշտուած, շրջապատի ագդեցութիւնը՝ աւելի գիտակցօրէն ընդունուած:

Շրջումի առանցքը, հոլվոյթի հատման գիծ կրնանք նկատել Իսահակեանի նուիրուած Աղբալեանի երկրորդ յօդուածը՝ «Բանբեր»ի մէջ։ Իսահակեանի «անձուկ հոգեկան աշխարհ»ի երգերուն համազգալու եւ զանոնք հասկնալու ոչ միայն անկարելիութիւն այլ դժուարութիւն իսկ չ'ունենար: Աւելին, մոռցած հանրային ու հասարակական թելադրանքները՝ կը խորասուզուի բանաստեղծի «անձուկ» ապրումներու վերալուծումին ու մեկնաբանութեան մէջ։

Նույն ձեւով կ'ըմբռնէ եւ կը բացատրէ Տէրեանի «Թքոտ»[1] երգերը, Ա. Իսահակեանի, Վ. Մանուէլեանի, Ա. Տէր Մարտիրոսեանի, Մենուհիի նկուն գրականութիւնը եւ վայելքի, եսական կեանքի հակումները: Համաձայն չէ, բայց կը հասկնայ ու կը համազգայ. իսկ համազգալ համակրիլ կը նշանակէ արդէն։ Կեանքին մարդիկ պէտք են, կ՝ըսէ, ոչ թէ երազոզներ, բայց կ՝ըմբռնէ եւ կ՝ընդունի երազողներու գոյութիւնը:

Միեւնոյն հանդուրժողութիւնը ունի նաեւ հակառակ ձգտումին հանդէպ։ Զապէլ Եսայեան «իմաստութիւն չի համարում գեղեցիկն ու օգտակարը զատելը» եւ կը հաստատէ թէ «ամենէն կենսական, բաբախուն հարցերուն հաւասար կենսական է գիտնալ, թէ գեղեցկագիտական ինչ արժէք կը ներկայացնենք» ու կ՛ըսէ նաեւ, թէ ցեղի գոյութեան «գերագոյն իրաւունքը» արուեստն է: [2] Աղբալեան գեղեցիկ կը գտնէ այս խօսքերը եւ ներելի՝ գրագիտուհի մը, բայց ճշմարիտ չեն, կ՝ըսէ: Իրեն համար, ուրեմն, գեղեցիկն ու օգտակարը պէտք է զատել իրարմէ եւ որուեստին ու հանրային ձգտումներուն տալ իրենց ուրոյն արժէքները:

Միեւնոյն ձեւով կը վերաբերուի նաեւ «Գեղարուեստ» հանդէսի մէջ 1918ին արտայայտուած նմանօրինակ կարծիքներու հանդէպ: Համաձայն չէ արուեստին տրուած գերագոյն դիրքին եւ գերակշիռ արժէքին. չ՝ընդունիր թէ կեանքը արդարացնող, անոր անհեթեթութիւնը իմաստի վերածոզ ազդակ է արուեստը. ան որեւէ բնազանցական արժէք չի ներկայացներ իրեն համար. «Գեղարուեստը այլ բան չէ, քան գեղեցիկ արհեստ»[3]:

Կամաւոր կերպով բիրտ այս հաստատումը հարցը կը դնէ գրական գետնի մը վրայ։ Բայց բնազանցական կալուածէն ներս արուեստի մուտքը արգիլող քննադատը իր կեանքի վերջին եւ հոլովոյթի երրորդ հանգրուանին չի ժխտեր անոր առաջնակարդ արժէքը գրականութեան մէջ: Հաւասարակշռութեան յաղթանակն է այս. արուեստ եւ հանրային բովանդակութիւն ներդաշնակ ամբողջութիւն մը պէտք

  1. Չարենցին է բառը
  2. «Գրական Ասուլիսներ» Դ.«Հորիզոն», թիւ 143/5/6
  3. «Գեղարուեստ» հանդէսի գրաղօսական — «Հորիզոն», 1918, թիւ 212