Գրախօսը տեղերնին կու տան մանրակրկիտ ուսռումնասիրողին եւ ճարտար համադրողին: Մեթոտը աւելի գիտական է այլեւս եւ մօտեցումը՝ աւելի զգուշ պատճառաբանութիւնը՝ աւելի փաստական:
Աղբալեան կը զբաղի մասնաւորաբար Ս. Նազարեանի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող երկու հարցերով. 1827-32 թուականներուն անոր բնակած վայրի Ճշտումը եւ «Հիւիսափայլ»ի մէջ իր ստորագրութեամբ տպուած մէկ յօդուածի իսկական հեղինակին փնտռտուքը: Երկու պարագային ալ` նախ կը դնէ հարցը, մանրամասնօրէն բացատրելով, վերջը կու տայ իր կարծիքը իբր վարկած, ապա փաստացի տուեալներով կը հաստատէ զայն եւ կը յանգ եզրակացութեան, միշտ ալ կանխիկ հերքելով հաւանական առարկութիւնները:
Համեմատական վերլուծումի մեզի հասած միակ նմուշին մէջ Աղբալեան միեւնոյն լուրջ մեթոտը կը կիրարկէ: Խօսքը Շանթի «Հին Աստուածները» եւ «Երազ Օրեր»ը յօդուածի մասին է: Աղբալեան կ'ուզէ «մի քանի մօտեցումներ անելով ցոյց տալ թէ ո'րքան մերձաւոր կապ կայ «Երազ Օրեր» եւ «Հին Աստուածների» միջեւ: Մանրամասնութիւիներու վրայ հիմնուած հետախուզական աշխատանք մըն է կատարուածը, բնագիրները մի՛շտ ձեռքի տակ եւ բովանդակութեան բոլոր մանրամասնութիւնները միշտ կենդանի՝ յիշողութեան մէջ: Կը տիրէ նիւթին ինչպէս նաեւ աշխատանքի մեթոտին. Հասուն, արտայայտական իր կարողութիւններուն տիրապետող քննադատն է, որ կանոնաւոր ու ինքնավստահ ընքացքով կը պարզէ հարցը հանգրուան առ հանգրուան («այս ազգակցութիւնը ճշդենք փաստերով» — «առաջ անցնենք» եւլն.) եւ ամէն ինչ կը բացատրէ պատճառականութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած պայծառ ու նուրբ տրամաբանութեամբ:
Միեւնոյն գիտական մօտեցումը, բայց հակառակ մեթոտը կը գործադրէ Ս՚ Նազարեանի կենսագրութիւնը պատրաստելու ժամանակ: Այլեւս մանրամասնութիւններու վերլուծումը չէ' կարեւորը այլ անոնց տրամաբանական կապակցումը, արուեստով համադրութիւնը:
«Կենսագրութիւնն ինքնին մի յատուկ գրական տեսակ Է: (…) (Նա) հեղինակի կեանքի, նկարագրի եւ գործի ցուցադրութիւն Է: (*)
Աղբալեան չի՛ գոհանար կեանքի մը ընթացքը գծելով պարզապէս` թուականներու չարայարութեամբ:
Աղբիւրներէն քաղուած մասերով ան կը կառուցէ Ս. Նազարեանի կեանքի պատմութիւնը, կը պատկերէ անոր հոգեկան կեանքը, շրջապատն ու բարոյական մթնոլորտը, կը յիշէ, կը բացատրէ եւ կեանքի դէպքերուն կը կապէ արտադրած երկերը: Կ՛օգտագործէ թուական տուեալները, փաստացի դէպքերը, նամակներն ու բանաւոր վկայութիւնները: Բացերը կը փորձէ լեցնել տրամաբանական ենթագրութիւններով, բայց բնաւ չի դիմեր քմահաճ երեւակայութեան մը օգնութեան: Հանդարտ, անաչառ գիտնականի գործ է կատարածը: Եւ ատիկա` հակառակ իր զգալի հիացումին ու յարգանքին։ Հասարակական միտում մը հո՛ս ալ նկատելի է, բայց ո՛չ մէկ ձեւով կը խանգարէ աշխատանքը: Ո՛չ միայն ներելի է,
(*) «Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան»: