ԻԸ
այլ մինչեւ իսկ նպաստաւոր, քանի ենթական ի՛նքը Հանրային գործիչ է. իր ու կենսագիրի ձգտումները կը համադրուին ներդաշնակօրէն:
Գրախօսականներու եւ գրապատմական հանգամանք ունեցող յօդուածՆերու մէջ արտայայտուող Աղբալեանի վերլուծումի եւ կառուցումի կարողութիւնները իրար կ՚ամբողջացնեն եւ լրիւ ծաղկումի կը հասնին ուսումնասիրական իր մենագրութիւններուն եւ յատկապէս Իսահակեանի, Շանթի եւ Մենուհիի երկերու մեկնաբանութեան մէջ: Կեանքի վերջալոյսին, «Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան»ի մէջ Աղբալեան կը ներկայացնէ այն մեթոտը, որ արդէն կիրարկած էր տասնեակ տարիներ առաջ:
Երեք տուեալ նկատի պէտք է ունենալ, կ՚ըսէ. հեղինակ, երկ, միջավայր։ Այս երեք նիւթերից հիմնականը երկն Է, միւս երկուսն այնքան կարեւոր են, որքան կարող են մեկնել երկի ծագումն ու բնոյթը։
Որովհետեւ նպատակը գրական պատմութիւնն է եւ ոչ գրականութեան պատմութիւնը: Այս երկուքի տարբերութիւնը մեծ է Աղբալեանի աչքին: Առաջինը հեղինակի մը, հարցի մը, գրական երեւոյթի մը մասնակի ուսումնասիրութիւնն է, մինչ երկրորդը՝ ամբողջական պատմութիւնն է գրականութիւն կոչուած ընկերային բարդ իրականութեան՝ իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ յարակցութիւններով: Գրական պատմութիւնը ատաղձն է գրականութեան պատմութեան, որուն յատկանիշը ընդհանուր, համադիր եւ համապարփակ ըլլալն է։ Ան «ազգի մը ոգեկան կեանքի հեռաւոր պատկերն Է։ (*)
Մասնաւորաբար բանաստեղծներու նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ, Աղբալեան կը ձգտի երկի միջոցով հասնիլ հեղինակին եւ բնորոշել անոր ներքին աշխարհը: Երբ անհրաժեշտ տարրերը կը պակսին երկին մէջ՝ ան արտաքին միջոցներով կը հետազօտէ հեղինակի ներաշխարհը՝ «երկի ծագումն ու բնոյթը մեկնելու համար»: Այսպէս կը հիմնուի թուական նշումներու վրայ՝ հեղինակի հոգեկան ընթածիրը ուսումնասիրելու համար եւ այդ ընթածիրով կը մեկնէ երկի այս կամ այն մանրամասնութիւնը։ Երկն ու երկնողը իրարմով կը լուսաւորուին փոխադարձաբար, կ՚աւելնայ նաեւ միջավայրի ազդեցութիւնն ու կապը:
Աղբալեան կը հետաքրքրուի նաեւ ստեղծագործութեան հոգեբանութեամբ: Կը հետեւի երկի հասունացումին՝ աղբիւրէն, ընկալուած գաղափարէն կամ ներշնչումէն մինչեւ ամբողջական կերտում։ Մանրամասնօրէն կը քննէ ստեղծագործութեան ներքին հանգրուանները, մութ կէտերը, լուսաբանութեան կարօտ օղակները, երկը կ՚ենթարկէ տեսակ մը անդամահատման, անոր կառուցումի գաղտնիքները լուսաւորելու ձգտումով։
Տակաւին կը գրաղի յարակից ուրիշ խնդիրներով. բովանդակութիւնը, երկի միջավայրի, տիպարներու ընտրութիւնը, յաջողութեան կամ ձախողութեան պատճառները, «Գրական քննադատութեան մէջ այս հարցերը չեն գնում, մինչդեռ նը–
(*) «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին»