վանդակութեամբ եւ ազգային ուղղութեամբ: Անիկա հիմնական ուղին գծեց հայ գրականութեան: Ան կը ներկայացնէ գիւղական միջավայրը, իր ծննդավայր գիւղը` Քանաքեռը, եւ միակ քաղաքը՝ Երեւանը։ Կը ներկայացնէ, ժողովրդական վարք ու բարքով կեանքէն առնուած հերոսներ, որոնք ժողովուրդին կը խօսէին: Քահանան, կինը, աղջիկը իրենց հակազդեցութեամբ ներկայացուած են: Իր գիրքը՝ «Վերք Հայաստանի»ն պատմական յիշատակարան մըն է։ Պարսկական տիրապետութիւնը եւ այն ատենուան կենցաղական պատկերը կը ներկայացնէ: Իր հերոսը ռազմական ընդունակութեամբ անձ մըն է: Հեղինակը ունի սուրբի տեղումներ եւ մորմոք` ազգային ցաւերու հանդէպ: Հոյակապ նկարագրութիւններ ունի, ինչպէս մասնաւորաբար Երեւանի բերդին նկարագրութիւնը: Արձակ եւ մերթ չափով լեզու մը ունի. իր ոճը կը յուզէ: Կրցեր է գրական լեզուի հասցնել իր ոճը: Իր գիրքը ազգագրական նիւթերու անսպառ շտեմարան մըն է: Աղայեան եւ Պռօշեան «Վէրք Հայաստանի»ի ընթերցումին կը պարտին իրենց յայտնութիւնը (ինչպէս նամակի մը մէջ Պռօշեան խոստովանած է):
Աբովեանի անյայտացումէն ետք (1848), որ տակաւին անբացատրելի կը մնայ, իր գիրքը արտագրուեցաւ եւ հասաւ մինչեւ Դորպատի հայ ուսանողներու ձեռքը, որոնք յափշտակութեամբ կարդացին գայն: Այս պարագան կը յիշենք, որովհետեւ իր գիրքը տասը տարի ետք տպագրուեցաւ: Ուրեմն Աբովեանի ազդեցութիւնը 1848 էն կը սկսի:
Րաֆֆի իր առաջին վէպը, Սալբին, 1868ին գրած էր (թէպէտ շատ ուշ հրատարակուեցաւ անիկա): Պրօշեանի «Սօս եւ Վարդիթեր»ը արդէն հրատարակուած էր:
Րաֆֆիի առաջին վէպը մօտէն կը հետեւի «Վէրք Հայաստանի» վէպին: Անոր մէջ Րաֆֆի կը ներկայացնէ իր գաւառը: Այդ գրքին մէջ կը զգացուի Խ. Աբովեանի ազդեցութիւնը, Րաֆֆի ազգագրութիւնը կ՛ընէ, կը ներկայացնէ, ազգագրութեամբ, Սալմաստի շրջանը: Իր հերոսը հասարակաց կէտեր ունի Խ. Աբովեանի վէպի հերոսին հետ: Րաֆֆին նորութիւնը իր հերոսն է, ազատ եւ առողջ ոգւով ռազմիկ մը:
Րաֆֆին իրապաշտ մըն է իբրեւ նկարագրող իրականութեան.