Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/355

Այս էջը սրբագրված է

նոյն ատեն կը ստեղծէ հերոսներ, որոնք գոյութիւն չունին, բայց որոնք պետք է գոյութիւն ունենան։

Րաֆֆին ընդարձակեց հայ վէպին սահմանները.

ա.— Հայ վէպին մէջ մտցուց պարսկահայութիւնը (Աբովեան արարատեան հայութիւնը կը ներկայացնէ): Վէպի նիւթ դարձուց պարսից եւ քուրդերուն կեանքը: Հայկական վէպը դարձուց միջոց՝ դրացի ժողովուրդներու կեանքը ներկայացնելու:

բ.— Կը նկարագրէ հայ ազգի զանազան դասակարգերը: Հայ հարուստ դասակարգին՝ առեւտրականին հանդէպ բացասական է իր վերաբերմունքը: «Ոսկի Աքաղաղը» նորութիւն մըն էր հայ վէպին համար։ Շիրվանդազէ եւ Սունդուկեանց, այս մարդին մէջ, հետեւող են Րաֆֆիի:

գ.— Հիմը դրաւ վարքադրական գրականութեան: Իր հերոսները դասական դարձան, օրինակ՝ Քաւոր Պետրոսը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

դ.— Իրմով կը սկսի պատմական վէպը: Հայ միջին ընթերցողը հայոց պատմութեան մասին Րաֆֆիի վէպերէն գաղափար կը կազմէ։ Պատմական վէպին միջոցաւ, անիկա ցոյց կու տայ հին հայոց կորովը:

ե.— Մշակած է ծրագրային վէպը. կը ներկայացնէ իրականութիւնը եւ կը ստեղծէ հերոսներ, որոնք պէտք է զորութիւն ունենան։ Իր հերոսները խոր գիտակցութիւն կարթնցնեն: Անոնք որոշ ծրագրով կը գործեն։ Հայ յեղափոխական կեանքը ընթացաւ Րաֆֆիի հերոսներու ուղիով: Րաֆֆիի երեւկայած սիրելի հերոսները ծնան եւ գործեցին:

(Րաֆֆին կը հանդիսանայ նաեւ որպէս թարգմանիչ, որ իր որոշ գործունէութիւնը ունեցած է):

Րաֆֆի պատմութեան վրայ դատաստան կընէ: Պատմութիւնը կը հետազօտէ քաղաքական նպատակներով: Ձայն կը հետաքրքրեն ինչ-ինչ խնդիրներ: «Խամսայի Մելիքութիւնները»ի մէջ ինք անձամբ կուսումնասիրէ հայ իշխանութեան վերջին մնացորդները, որպէս զի անոնցմով կարենայ հայ ժողովուրդը վերակենդանացնել:

Րաֆֆին իբրեւ վարպետ մը. ա.— իր տաղանդին հիմնական յատկանիշը պայծառ եւ հզօր երեւակայութիւնն է։ Իր տեսիլները եւ այն անձեւը, դորս կը ներկայացնէ, շօշափելի եւ կենդանի են: Մինչեւ անգամ երեւակայուած կեանքի մէջ միայն գոյութիւն ունեցող