Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/356

Այս էջը սրբագրված է

իր հերոսները կը ներկայացնէ այնքան հզօր եւ կենդանի, որ անոնք իրական կը դառնան: Կարօ մը, Ասլան մը երեւակայութեան մէջ ստեղծուած են, բայց այնքան հզօր եւ կենդանի ներկայացուած որ շօշափելի են:

բ.— քնարական շունչը, որ Րաֆֆիի գործերուն մէջ կը տիրէ: Անիկա սովորական տեղում մը չէ իր մօտ: Այս շունչը կը թափանցէ իր վէպէն ներս, սկիզբէն մինչեւ վերջը։ Բարձր տրամադրրութիւն մը որ վէպին ամբողջ ընթացքին կը տիրէ։ Իր քնարական շունչը հեղեղ մըն է, որ կը տանի վէպի նաւը: Անիկա իր վէպերուն թրթռացնող բազկերակն է:

Րաֆֆի կը սաւառնի իր նկարագրած կեանքին վրայ, շնորհիւ իր բարձր շունչին:

գ.— Պատմելու կերպը արեւելեան է: Արեւելքին կը պարտի այդ յատկութիւնը. ոմանք յանիրաւի կը կարծեն թէ իր պատմելակերպը է. Սիւի ազդեցութեան տակ եղած է: Րաֆֆի վարպետ պատմող մըն է: Վէպը իր հետաքրքրական տեղը կը թողու, այնպէս որ ձայն մէկ անգամ սկսողը անպայման պիտի վերջացնէ: Կը յափշտակէ ընթերցողը: (Պատմելու այս կերպը, այսինքն նիւթ մը իր ամենէն հետաքրքրական տեղը ձգելու կերպը արեւելեան է. օրինակի համար՝ Պարսկաստանի տէրվիշը, իր վիպասանութեան ատեն, իր նւէրը կը ստանայ երբ կը դադրեցնէ պատմութիւնը իր ամենէն տաք մէկ կէտին վրայ):

դ.— Իր մտքին զօրութիւնը. Րաֆֆիի միտքը դարձած է դէպի իրականութիւնը, դէպքերը, կացութիւնները: Անիկա հոգեբան մը չէ, այլ իրականութիւնը ներկայացնող մը: Իր յաջողութեան գաղտնիքը հոս է։ Խօսակցականը, որով լեցուն են իր վէպերը, հաճելի է, մինչ նկարագրականը կը դանդաղեցնէ հետաքրքրութիւնը:

Իր միտքը ուղղած է դէպքերուն, որոնք կը ծնին ու կը մեռնին իմացականութեան զսպանակով: Ըստ Րաֆֆիի՝ բոլոր գործքերը, արարքները նախամտածուած են: Պատճառները որոշ են ընթերցողներուն. իր հերոսները կը գործեն անընդհատ շատ պարզ եւ որոշ պատճառներով առանց մթութեան:

Լեզուն եւ ոճը. Իր վերի յատկութիւնները կանդրադառնան իր լեզուին ու ոճին վրայ:

Ոճը պարղ է, կարճ խօսքերով, առանց երկար պարբերութիւններու: Իր նախադասութիւնները մերկ են, առանց ածականի: Միայն իրականութիւններով կը զբաղի որպէսզի միտքը չղարտուղի