Իր վէպերը լեցուն են ժողովրդական առածներով. ասիկա մեծ արժէք մըն է։ Առածաձեւ կը գրէ, այսինքն կարճ եւ ամփոփ։
Ներքին կշռոյթ մը կայ իր նախադասութեանց մէջ: Այս կշռոյթը յաճախ իբրեւ թուարկութիւն կու դայ: Աստիճանական այլազանութեամբ կը ներկայացնէ միեւնոյն իրականութիւնը: Ասով կ՞ունենայ ամէնամեծ դիտութիւնը թափանցելու ամենէն խոնարհ ուղեղներու մէջ: Ասով դարձեալ անոր միտքերը առանց ճիգի այլ դիւրութեամբ կը թափանցեն:
Մութը եւ խաւարը իր թշնամին են: Անիկա արեւապաշտ է, հին կրակապաշտ հայը։ Րաֆֆի թշնամի է բոլոր խաւար ուժերուն, բռնութեան, տգիտութեան, նախապաշարումներու, դաւադիրներու, խաչագողներու։ Պայծառութիւնը իր սիրածն է: Ասով անիկա Տեսանող է. կը տեսնէ հեռուն: Առաջուց կրնայ տեսնել։ Հայ ազգի յետագայ ուղին տեսած է եւ գծած, որմէ մենք անցած ենք: Րաֆֆի մարգարէական տաղանդ ունի: Ք. Քաթիպա նամակի մը մէջ կ՞ըսէ Րաֆֆիին. «Դուք մարգարէ մըն էք»:
⁂
Րաֆֆի 50 տարի առաջ մեռած է, բայց չէ հինցած: Երբ ես Հայաստան էի, ուսումնասիրութիւն մը ըրի՝ «Րաֆֆին թուերով»։ Անքէթ մըն էր կատարուածը, որուն համաձայն Րաֆֆին ամենէն շատ տարածուած եւ սպառած հեղինակն էր: Գրադարաններու ամենէն փնտռուած ու կարդացուած հեղինակն է:
Անիկա կենդանի է եւ կ՞ազդէ սերունդներու վրայ: Անիկա մեր միտքի զարգացման մէկ փաստը կը ներկայացնէ, ուրեմն անմահ է:
Հայը Րաֆֆիի միջոցաւ միայն կրնայ հայանալ: Հայը Րաֆիով կրնայ մեր ժամանակներուն հայր դառնալ։ Մենք այլեւս միայն մշակութային ազգ չենք, այլ քաղաքական ազգ: Հայը կարելի է պահել իր բուն հայրենիքով, որ պէտք է նուաճուի: Րաֆֆին է այս մտածումին հեղինակը։
Րաֆֆին անմահ է, որովհետեւ մեր մտքի պատմութեան մէջ փուլ մը կը ներկայացնէ:
Սերունդներ երախտագիտութիւն ունենալու են անոր համար:
(*) Բանախօսութիւնը ըրած է Հալէպ. Յուլիսի սկիզբը։