Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/427

Այս էջը սրբագրված է

ուսումնասիրութեան, որով իր դրութիւնները մեծ հետաքրքրութիւն չեն արթնցներ:

Կայ անբախտութեան նաեւ, անձնական պատճառը. իր գործրը գրուած են ծանր լեզուով, խճողուած յորդ մտրերով, ուստի եւ դժուար է կարդալ ղանոնք: վերջապէս, իր 414 ուսումնասիրութեանց մեծ մասը ցրիւ հետաղօտութիւններ եւ յօդուածներ են, ղորս գտնելը դիւրին չէ:

մառի կենսագրութիւնը պարզ է. կեանք մը՝ որ անցած է ուսումնական նպատակներով եղած ճամբորդութիւններով եւ հետախուզութիւններով. միշտ լարուած մտքի աշխատանք:

Ծնած է Վրաստանի Քութայիս քաղաքը: Մայրը վրացի էր, իսկ հայրը՝ սկովտիացի: 1884ին մտած Է Փեթերսպուրկի Համալսարանը. 89ին, Քերովբէ Պատկանեանի մահէն յետոյ, կը գրաւէ անոր հայ գրականութեան ամպիոնը նոյն համալսարանին մէջ։ 9Օ—իՆ կու ղայ էջմիածին եւ կր գրէ «Ամառնային ուղեւորութիւն ի հայս»։ 92–ին կը կատարէ իր առաջին պեղումները Հայաստանի մէջ: Իրմէ առաջ պեղումներ կատարած էին գերմանացի եւ ռուս գիտնականներ նախապատմական շրջաններու մասին: Ան կը հետազօտէ պատմական շրջանի հնութիւններր Դուին, Արտաշատ ել գլխաւորապէս՝ Անի: 96-ին կ՝անցնի Վիեննա, Վենետիկ, Հռոմ՝ հայ ձեռագիրներ ուսումնասիրելու համար: 98—ին կ՝երթայ Աթոս, ուր կար վրացական վանք մր: 99–ին լոյս կը տեսնէ հազարէ աւելի էջ պարունակող իր ուսումնասիրութիւնր Հայոց միջնադարեան առակներու մասին : Այս առթիւ կը ստանայ «Հայ գրականութեան մագիստրոս» տիտղոսը: 1901–ին կր պեղէ Դ՝ուինը եւ կը գտնէ անոր պարիսպներու մէկ մասը, 902–ին կ՝անցնի Երուսաղէմ, ուր կը գտնէ Գր. Լուսաւորչի մէկ կենսագրականը արաբերէն լեղուով: Այնուհետեւ կը պեղէ Անին, ուր շատ մը ուրիշ րաներու հետ կը գտնէ Գագիկ թագաւորի արձանը. կը հիմնէ մասնաւոր թանգարան մը Անիի հնութեանց համար, որ Հետաղային քանդուեցաւ Թուրքերու կողմէ։ Մառ հաւաքած է Անիի մասին րազմաթիւ նկարներ ու տեղեկութիւններ, որոնը տակաւին անտիպ են:

1909ին կ՝ընտրուի ռուսաց դիտական ակադեմիայի անդամ. կը հաստատէ հայ վրացական րանահիւսութեան բեմ. 911–ին կը ճամբորդէ վրաստան ել յետոյ կրկին կր զբաղի Անիի պեղումներով:Մեծ պատերազմին կր պեղէ Վանը, կը գտնէ ուրարտական նոր արձանագրութիւններ (Աարդուր թագաւորի): Այս պեղումներէն վերջ