Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/429

Այս էջը սրբագրված է

Հայոց եւ վրաց մշակոյթները, եւ իր մեջ ծաղեցաւ առաջին անգամ «կովկասեան մշակոյթի» գաղափարը:

Հնագիտական աշխատութիւնները կը վերաբերին միջին գարուն, Անիի եւ Ուրարտուի հնութեանց: Աշխատած Է երեք ճիւղի մէջ միաժամանակ, եւ այժմ մէկ ճիւղի մէջ իր արտադրածը առանձին առած՝ պիտի բաւէր գինքը նշանաւոր գիտնական դարձնելու: Ան եղած է պատուոյ անդամ շատ մը գիտական հիմնարկութեանց: Մառ եղած է կենդանի մարդ եւ ստեղծագործող միտք: Իր բոլոր վերլուծութիւնները կատարած է կեանքի համար:

Մառ իր ունեցած խոր իմացութիւնը եւ գիտութիւնը ծառայեցուց փոքր ազգերուն ոչ իբրեւ հրապարակախօս կամ գրախօս. իր հետախուղութիւններով, մասնագիտական ամփոփումներով եւ քըննութիւններով պաշտպանեց փոքր ազգերը ընդդէմ եւրոպական մեծ ազգերու մեծամտութեան եւ նոյն այդ փոքր ազգերու նեղմտութեան: Իր պաշտպանութեան ամուր բերդերն են «Յարէթաբանութիւնը» եւ «Կովկասեան մշակոյթը»: Իր գործին մէջ ան կը ջանայ ապացուցանել, որ եւրոպական քաղաքակրթութիւնը ոչ թէ յոյնՀռոմէական ժողովուրդներու գործն է, այլ ուրիշ ժողովուրդներու, որոնցմէ վերապրողներն են հայերը, վրացիները, պասկերը եւ ուրիշ մանր ազգեր, որոնք ստեղծած էն մարդկային քաղաքակրթութեան հիմունքները, մինչ անոնց մնացորդները այժմ կ՝արհամարհուին: Ժողովուրդներու այդ հին խաւին կը պատկանին նաեւ սումերները, ետրուսկները եւ փոքր ասիական ուրիշ մանր ազգեր: Այս Ժոդովուրդներու քաղաքակրթական աշխատանքին վրայ է որ կը բարձրանան Հին Աթէնքն ու Հռոմը, կ՝ըսէ Մառ եւրոպացիներուն: Մառ սկսաւ հետազօտել կովկասեան ժողովուրդները, որոնց անունն անամ անյայտ էր: Ուսումնասիրեց անոնց լեզուները, նկատելով որ անոնք հին մշակոյթի մը մնացորդներն են, եւ այս առթիւ իր մէջ ծագեցաւ լեզուներու յառաջացման նոր տեսակէտ մը։ Եւրոպացի լեզուաբանները լեզուական ուսումնասիրութեանց ժամանակ, նկատի ունէին երեք կէտ - նախնական ժառանգութիւն, անջատ ու սեփական զարգացում եւ փոխառութիւն: Մառ յայտնեց, որ այդ նախնական ժառանգութիւն համարուածը հին ժողովուրդի մը լեզուին մնացորդներն են, հին քաղաքակրթութիւնը մշակող ժողովուրդի մը լեզուն, որ ամէն տեղ՝ տարբեր զարգացման աստիճանի հասնելով՝ նոր լեզուներ յառաջացուցած է:

Եւրոպական լեզուագիտութիւնը երեք լեզուական կառոյց