Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/430

Այս էջը սրբագրված է

կ՚ընդունի. — հոլովական, կցողական եւ արմատական — եւ կ՚աւելցընէ որ ցեղերու յատկութենէն կը բխի իրենց լեզուական կառոյցը:Մառ կ՚ընդունի որ խառն լեզուները եւ կառոյցները այդ լեզուի զարգացման աստիճաններ են, որոնք զուգահեռ են նաեւ մշակոյթի զարգացման աստիճաններուն:

1903ին հայոց լեցուի մասին իր տեսութիւնը այն էր որ ան խառն լեզու մըն է. իր տարբերրը տեղական են, բայց ձեւը հնդեւրոպական է։Հետագային երբ այս տեսակէտը զարգացուց՝ Մառ կ՚ըսեր որ հայոց լեզուն իր զարգացման ընթացքին կեցած յաբէթական լեզու մըն է. կան նաեւ աւելի կատարեալ լեզուներ, որոնք իրենց զարգացումը շարունակած եւ դարձած են «հնդեւրոպական»:

Լեզուական մեկնութեանց մէջ, հակառակ հնդեւրոպական լեզուադիտութեան, որ արժէք կուտայ բառերու լեզուական հընչաբանութեան եւ նշանակութեան նոյնութեան կամ մերձաւորման, Մառ նոր տեսակէտներ ունի, — ան կ՚ընդունի բառերու պաշտօնատար (fonctionnel) արժէքը, եւ կ՚ըսէ թէ բառերը կը մնան նոյնը, բայց անոնց նշանակած առարկան կը փոխուի. ինչպէս երբեմն կաղին հիմա կը նշանակէ հաց, կին, եւ երկինք նոյնարմատ են (երկին, երկունք, երկնել):Եւ եթէ հիմա երկու բառեր տարբեր նշանակութիւն ունին անոնք սկիզբը ունեցած են միեւնոյն իմաստը: Մառ կ՚ըսէ որ բառեր քննելու միջոցին անոնց նշանակութեան նոյնութիւնը կենսական չէ:

Մառ լեզուաքննւթեան մէջ մտցուց այն տեսակէտը թէ լեզուն կը ծառայէ գաղափարներ արտայայտելու, իսկ նախամարդը բոլորովին տարբեր մտածումներ ունէր քան մենք ուստի պէտք է ի նկատի ունենալ եւ իմացական զարգացման կնիքը լեզուի վրայ:

Մառ կարողացաւ մեկուսացումէ ազատել կովկասեան լեզուները. ան լեզուի մեկնութեանց մէջ մտցուց եւ իրերը, որովհետեւ լեզուները իրեր կր մատնանշեն եւ իրերը որոշ ժամանակաշըրջանին գաղափարները կ՚արտայայտեն եւ կը մարմնաւորեն:

Փոքր ժողովուրդներու պաշտպանութեան երկրորդ բերդը՝ Կովկասեան մշակոյթի տեսութիւնն է. այդ մշակոյթը եղած է շատ զօրեղ եւ, կլանելով բազմատեսակ ացդեցութիւններ, ստեղծած է ուրոյն կերպարանք, որով իր հիմքերը հին են:Այս տեսակէտը սակայն փշոտ ասպարէղ մը եղաւ Մառի համար. իր դէմ էին առաջին իսկ հերթին վրացիները երբ իմացան թէ վտանգուած է իրենց մշակոյթի առանձնութիւնը. առաջ եկաւ դժգոհութիւն եւ թշնամանք: