Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/431

Այս էջը սրբագրված է

Մառի դէմ. գրգռութիւնը աւելի եւս խորացաւ երբ երեւան ելաւ որ հայերը ուժեղ ազդեցութիւն ունեցած են իրենց գրչանկարին, որով եւ վրացիներուն վրայ, որոնց է) Ս.Գիրքը թարգմանուած է հայերէնէ։

Իրոք որ եղած ենք վեհագոյն ազգ մը, ինչպէս ըսած է Խորենացի:Մառ ցոյց տուաւ որ հայերը միշտ փոխ առնող ազգ մը չեն եղած եւ ստեղծագործելու անկարող:Մառ կրցաւ արժեցնել փոքր ազգերու կատարած դերը համամարդկային քաղաքակրթութեան մէջ եւ ներշնչեց անոնց ինքնագիտակցութեան մեծ ուժ թէ իրենք ալ կընան զարկ տալ քաղաքակրթութեան:

Մառ մեզ տուաւ աղզգային գիտակցութեան լայն եւ բարձր ըմբռնում. ոչ թէ պինդ պահած ենք մեր քաղաքակրթութիունը այլ ստեղծած ու տարածած ենք օրինակ — օրինակ հայոց գրերը գտնելէ վերջ Ս.Մեսրոպ գտաւ նաեւ վրաց եւ աղուանից գրերը։

Մառ չյարեցաւ մեծամասնականներուն, այլ անոնք էին որ իրեն յարեցան, եւ շնորհիւ Ստալինի վրացի ըլլալու հանգամանքին, Մառ աշխատեցաւ փրկել գիտութիւն, հնութիւնները եւ մշակոյթը այն միջոցին, երբ ռազմական կոմունիզմը կը խորտակէր քաղաքակըրթութեան ամէն մնացորդ:Սա մեծ ծառայութիւն է:

Ան կարողացաւ նոյնպէս, շնորհիւ իր բարեկամական կապերուն, Կովկասի մէջ հաստատել գիտական հիմնարկութիւններ:Իր աշակերտներէն են Աղոնց,Ղափանցեան,Մելիքսէթ — Բէկեան եւ ուրիշներ:

Եւրոպան ալ սկսած է ճանչնալ Մառը։Մեզ համար Մառի տեսակէտը ընդունելի է եւ ունի մեծ արժէք:Սովորական գիտուն մը չէր Մառը եւ ոչ ալ նեղ մասնագէտ մը. ան չի սահմանափակուիր իր մասնագիտութեան մէջ, կը ստեղծէ լայն գաղափարներ եւ անցեալին մէջ կը գտնէ առնչութիւններ, որ սովորական գիտունը չի գըտներ:Իր գաղափարները բազմաթիւ են, բայց լիովին հիմնաւորուած չեն. իր միտքը թռիչք ունի բայց այդ թռիչքը համընթաց չէ իր փաստերուն. ան տենդագին կ՚աշխատէր փաստեր գտնելու համար:

Իր գործերը սկսուածքներ են եւ նմուշներ հետազօտական մեթոտներու մասին:Շատ չէ ստեղծած ամբողջական գործեր, բայց իր գործերը ներշնչող են ու թելադրող:Իր գաղափարները բազմաթիւ են, բայց զանոնք հաստատող փաստերը անբաւարար. որովհետեւ ան համարեա մինակ էր եւ ժամանակ չէ ունեցած պէտք եղած փաստերը հաւաքելու: