Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/432

Այս էջը սրբագրված է

Իր տեսութիւնները այսուհետեւ կը մտնեն հայ գրականութեան եւ պատմութեան կառուցումին մէջ:Միջնադարեան մեր գրականութիւնը իր տեղը կը գտնէ հայ գրականութեան մէջ եւ կը մշակուի նոր ու իրական հայ գրականութեան պատմութիւն մը, որու հիմունքները կը ցուցադրուին Եւրոպային:Պետք է երեւայ որ հայը, կովկասեան ազգերու հետ, եղած է մարդկային քաղաքակըրթութեան մշակման ազդակ եւ որ ան ընդունակ է իր կարգին ստեղծելու եւ ճառագայթելու չորս կողմ:Այս գաղափարներով է ահա որ ներշընչըուած է Մառ:

ՅՈՒՍԱԲԵՐ. — ԻԱ. Տարի, (1936), թիւ 208—299