Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/444

Այս էջը հաստատված է

նախապէս անոր չեն աշակերտած: Ան կառուցած էր իմացական շէնքեր, որ երկար ժամանակ պիտի դիմանան ժամանակի ժանիքին:

Անոր գործին շնորհիւ մենք այսօր ունինք ոչ միայն բազմապատկուած գիտանքներ, այլ եւ շատ որոշ պատկեր մը հայոց իմացական ճիգին՝ գրական, բանահիւսական, լեզուական եւ տաղաչափական ստեղծագործութեան մէջ: Ան կազմակերպած է մեր ազգային գիտակցութիւնը այս մարզերուն մասին: Պատմական եւ հանրային մեծ ծառայութիւն է ասիկա հայ մշակոյթին, որ փառքուվ պէտք է արձանագրուի եւ անկորուստ մնայ հայոց գրականութեան պատմութեան մէջ:

ԱԶԴԱՐԱՐ, 1944 (Գ. Տարի) թիւ 110