Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/482

Այս էջը սրբագրված է

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻԻՆՆԵՐ

Իրեն մօտիկ անձերու վկայութեամբ՝ Նիկոլ Աղբալեան կազմած էր. ժամանակին. լրիւ ցանկը իր երկերուն եւ դասաւորած զանոնք : Ծրագիրր միջին ծաւալով 6 հաաոր կը նախատեսէր: Դժբախտաբար անկարելի եղաւ իր թուղթերուն մէջ թէ ծանօթներու մօտ գտնել այս ծրագիրը : Պէտք եղաւ նորը մշակել։

Խմբագրական յանձնախումբը որոշեց առաջին հերթին հրատարակել Ազբալեանի հայ արդի գրականութեան վերաբերււղ քննադատական յօդուածները : Հաւաքումը եղաւ դժուար: Որովհետեւ եթէ ծանօթ եւ դիւրին գաանելի էին արտասահմանի մէջ գրած իր յօդուածները. կովկասեան մամուլի մէջ 1918էն աոաջ տպուածները կը մնային անգտանելի: Այս իսկ պատճառով ամբողջական չէր կրնար ըլլալ այս ժողովածուն։ Մեզի անծանօթ հաւանական գրութիւն– ներէ զատ՝ չենք կրցած գտնել յատկապէս Ս. Զօրեանի, Վ. Տէրեանի. Դ. Դէմիրճեանի եւ Ե. Չարենցի մասին գրուած յօդուածները կամ դւասախօսութեանց բնագիրները:

Հաւաքումի աշխատանքր մեծապէս դիւրացուցած են Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանը եւ Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի գրադարանը:

Հաւաքուած յօդուածները ներկայ հատորի կրկին ծաւալը կրնային ունենալ. պէտք էր ընտրութիւն կատարել, զատել արժէ– քաւորները ժամանակաւոր բնոյթ ունեցողներէն։ Դիւրին չեղաւ այս ընտրութիւնը. մեծ հեղինակի մր մահէն ետք անոր բոլոր գրութիւններն ալ կարեւոր կր թուին: Մենք ընտրութեան երկու չափանիշ ընդունեցինք. գրուածքը պէտք է ունենար մնայուն արժէք՝ գրականութեան պատմութեան - 449 - 29