Էջ:Երեք գիրք մեկ կողքի տակ, Թորոս Թորանեան.djvu/87

Այս էջը սրբագրված է

Ամրան երեք ամիսներուն մեր սենեակին մէջ փակուելով Ել մերթ Սոֆիայի ընդարձակածաւալ հանրային պարտէզին մէջ ան¬ կիւն մը նստելով՝ երկրորդ քուրսի դասերը կը սորվէի։ Սերտեցի այնքան, որ վերամուտին երկրորդ քուրսի դասերուն քննութիւն– ները յանձնելով նստեցայ երրորդ քուրս։ Տարի մը եւս եւ կը ստա¬ նայի համալսարանական վկայական։

Բայց կ՚ըսեն Ուրբաթը Շաբաթէն արագավազ է։
Նախ, ամէն Շաբաթ կէսօրին, երբ երեխաները տարբեր ման–

կատուներէ բերելու կ՚երթայինք, Արմիկս կը սկսէր լալ ի տես երե– խաներուն պուլկարերէն խօսելուն, ըսելով.– Երեխաներս պուլ– կարացի պիտի դառնան։

Յետոյ, տրուած ըլլալով որ Սուրիա-Եգիպտոս միութիւնը

բաժնուած էր, մեր կուսակցութիւնը կոչ ուղղած էր երկրէն հեռա¬ ցողներուն, որ վերադառնան երկիր։

Պուլկար ԿԵՆտկոմը կանչեց զիս, թէ ի՞նչ է կարծիքս։ Պատաս¬

խանատուները ինծի ըսին.– Որոշողը դուն պիտի ըլլաս, մենք կ՚ուզենք, որ շարունակես ուսումդ, ձեր կուսակցութիւնը վերա– դարձդ կ՛ուզէ։

- Կուսակցութեան խօսքը հրաման է,– ըսի,– եւ ոչ թէ խնդրանք։

Կը մեկնինք, բայց ճամբորդելու համար որպէս սուրիացի ոչ մէկ փաստաթուղթ ունինք։

Առ այդ դիմեցինք Չեխոսլովաքիոյ սուրիական հիւպատոսին,

մեր մասին պէւտք եղած տեղԵկութիւնները տալով։ Պուլկարիան այդ ժամանակ սուրիական հիւպատոսարան չունէր։

Շաբաթ մը ետք մեր անցագրերը եկած ըլլալով ՉԵխոսլովաքիա–

յէն, մեր ետին թողլով Սոֆիան, թռիչք առինք դէպի Դամասկոս, նա¬ խապէս տեղեակ պահելով մեր ծնողները մեր վերադարձի մասին։ Դամասկոսի մէջ մեզ դիմաւորեցին մեր ծնողները եւ մի քանի ընկերներ մայրաքաղաքէն։

Ես Արմիկին ըսի, որ շուտ շարժի եւ իր անցագրով դուրս գայ։
Պաշտօնեաները անցագիրս քննելով– Օ՜, բարի եկած ես,–

ըսին,– այս ո՞ւր էիր այսքան ատեն։

- Կ՚ուսանէի,– ըսի,– Սոֆիայի մէջ։
- Դրամը ո՞վ կու տար,– հարցուցին։
- Հայ թերթերու մէջ յօդուածներ գրելով դրամ կը շահէի,– պա–

տասխանեցի։

- Քու վիճակդ կը քննենք,– ըսին։

Մինչ այդ ես սկսայ բարձրացնել ձայնս.– Ո՞ւր տարիք կինս ու զաւակներս...

87