Էջ:Երեք գիրք մեկ կողքի տակ, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Այս էջը սրբագրված է

Շաբաթներէ ի վեր կը մտածէի վէպ մը գրելու մասին, կը խորհէի, թէ կեանքս ապրուած վէպ մըն է։ Որո՞ւն պատ- մէի այդ կեանքը, որ վէպի մը ձեւով ներկայացնէր զայն։ Վերջապէս գտայ, թէ յարմարագոյն մարգը, որ այդ կեանքը կրնար ներկայացնել՝ Թորոս որդի Խաչերի Թորանեանն էր։ Ուս- տի այդ վէպը գրելը անոր յանձնեցի։ Ինչպէս Թորոսին մայրը՝ Վարդուհին կ՚ըսէր, իր աւագ այս զա- ւակը ծնած էր Հւսլէպի մէջ 1928-ի երկրորդ ամսուան վերջին օրը՝ 29 Փետրուարին։ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ Մենք ունեցած ենք ընտանեկան մէկ լուսանկար, ուր կը տեսնը– ւին չորս անձեր.– հայրս՝ Խաչերը, իր գիրկին քոյրս՝ Մաքրուհին, երեք ամսու, մայրս՝ Վարդուհին Եւ իրենց միջեւ՝ ես, Երկու տարե¬ կան, յօնքերս կիտած, բարկացած։ Ահա այդ օրերուն ալ հայրս, թոքատապէ բռնուած, մահացած է, երբ փրկարար փենեսիլինը տակաւին յայտնագործուած չէր։ Ի՜նչ իմանայի, որ քոյրս ու Ես որբ պիտի կոչուէինք։ Ի՛նչ իմա- նայի, որ մենք այդ օրերուն կ՚ապրէինք Լիբանանի Ձահլէ քաղա– քին մէջ։ Մեծնալէ ետք հասկցայ, թէ Ձահլէի հողին յանձնուած է հայրս։ Մայրս, անօգնական, ստիպուած իր որբուկները առնելով կու գայ Հւսլէպ՝ ծնողներուն մօտ։ Ծնողները՝ Պետրոս (Պոզիկ) եւ ճուհար (Գոհարիկ) կ՚ապրէին Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասէն մինչեւ Նոր Գիւղի սահմաննե¬ րուն միջեւ տարածուող Համիտիէ թաղամասը, Երկյարկանի թի– թեղաշէն տան մը Երդիքին տակ։ Մեծ հայրս հնակարկատ էր, մեծ մայրս՝ լուացարար. կ՚ապրուէին, եթէ այդ ապրիլ էր, քանի Եթէ 9