Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/105

Այս էջը սրբագրված է

- Ես, ծո**յլ։

Ծոյլ չէք, բռւյց պիտի կոչուիք, եթէ նոր գործեր չտաք։

Այս ամառ, Հայր Եփրեմ, Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը տարածէր Յեսապ։ Հայ տղաք, բնութեան ծոցին մէջ, անտառի շուքին ու արեւի յոյսին տակ կը կոփուին:

Վարդգէս Պետրոսեանը եկած էր Հալէպ: Հայաստանի Գրողներու Միութեան առաջին քարտուղարը: Երեն ընկերացայ դէպի Յեսապ։ Ուզեցինք հանդիպիլ նաեւ Մխիթարեաններուն։

Ըսին, ծով իջած են։

Գացինք ծով։ Արձակագիր Պետրոսեանը թէ՝ հագուստով կղերական շատ տեսած եմ, բայց մերկ վարդապետ չեմ տեսած։

Հայր էփրեմր եկաւ կանգնեցաւ ծովափին, վրայէն ջուրեր կը վազէին, դործի գրուեցաւ լուսանկարչական մեքենան: Վարդապետը երեսր ծածկեցք բայց նկարը առնուած էր։

Հայր Եփրեմ իր աշակերտներով ուրախացաւ այս հանդիպումին հա­մար։ Աշակերտները ջրալի ձեռքերով կր ծափահարէին հայաստանցի գրո­ղին համար։ Հայր Եփրեմն ալ կր ծափահարէր։

Ամէն անգամ, որ գիրք մր հրատարակեմ կր տանիմ իրեն տրցակ մը, որ ուղարկէ Զմմառ, Պէյրութ, Վենետիկ ու Վիեննա։ Սիրով կր ղրկէ: Ւնք ալ ինծի Ոազմավէպ կու տայ։

Հինա կռիւ մր ունինք իր հետ։ Վարդապետը կր պնդէ, որ գիբք մը գրեմ Տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանին մասին։ Ըժիշկր իր ազգականն էր, մահացաւ Հալէպի մէջշուրջ հարիւրամեայ։

Ծառուկեանր կիսէ, տոքթորր ուսուցիչս եղած է։ Լաւ ազգային մըն էր, բայց անոր մասին գիրք գրելը քու գործդ չէ։ Ուրիշ մէկը թող գրէ:

Այս կռիւին մէջ չեմ գիտեր թէ յաղթողը ո*վ պիտի ԸԱտյ։

Հայր Եփրեմ, սկսած է գրական նոր գործի մը վրայ աշխատիլ ու ամէն օր, նորութիւն բերելու մասին մտածել Հալէպի Մխիթարեան վար­ժարանի աշակերտներուն համար։

Նուիրեալ մըն է։ Վրնայ աւելին տալ։

Խոստացաւ տալ։ եր սպասենք։ Ոայց մեր սպասումը անսահման չէ, սահմանակից է իր կեանքին վերջին օրուան։ Մաղթենք, որ այդ օրր հեռու ըլւայ։

Շատ հեռու։

Հալէպ