Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Այս էջը սրբագրված է

ամէն անգամ, որ նոր գիրք մը կը վերցնեմ ձեռքս, դուն կը կանգնիս դիմացս ու կիսեսժամանակդ չսպաննես։

Այդպէս կարդացի նաեւ քու գիրքերդ - «Բնիկ Որտեղացի^ էք», «ճամբորդութիւն», «Արեւորդիները», եւ ինչ որ գրիչէդ, հոգիէդ ելա ծէ մինչեւ այսօր։

Ռուս Տոսթոեւսկին քեզմով դարձաւ հայ, որովհետեւ դուն կարդալ գիտես: Բեզմով «Բարամազովներ»ը եղան նաեւ մեր եղբայրները։

Շնորհակալութիւն ու ողջոյն քեզ։

Հալէպ 1985


Մեծ հօր ս հեքիաթները... որպիսթ ուշադրութեամբ մտիկ կինէի։ Մինչեւ այսօր ալ կր յիշեմ այդ հեքիաթները, ուր միշտ յաղթական կնԼԼայՒն թագաւորիե կրտսեր որդիները... Իսկ ես, մօրս առջինեկն էի։ Իմ աչքիսէ մայրս թագուհի Էր, սակայն ես պիտի չկարենայի դառնալ հերոս, կրտսեր որդի չէի։

Ահա մարդ մեծ հօրը հեքիաթներուն պէս կրնայ մտիկ ընել Ծառուկեանին խօսքերը, նոյնիսկ այն ատեն, երբ անոր պատմածները հեքիաթ չեն։

Նպատակս, այս մէկ երկու էջերու վրայ Ծառուկեանը ներկայացնել չէ։ Կը կարծեմ, թէ ինքն ալ առջինեկն էր իր ծնողքին, բայց մեր Սփիւռքի պատմութեան մէջխաղաց հերոսի դեր ու խաղաց ճարտարութեամբ։

կուսակցապետ, ուսուցիչ, կուսակցական մէկէ աւելի օրգաններու խմբագիր, ունեցաւ եռուն կեանք։ Իր մէջ տիրապետողը գրագէտն էր։ Նոյնիսկ եթէ հայհոյէր, մարզիկ չէին դժգոհեր, այլ կքըսէին.– Սրիկան ինչպէս ալ գրած է։

Ոմանք կըսեն, Անդրանիկը փայլուն աստղի տակ ծնած է։ Ո՞րն է եղեր այդ փայլուն աստղը, երբ այս տղան, տակաւին մանուկ, պիտի չափէր Կիւրինէն սուրիական անապատ երկարող ճամբաներր, երբ հայրը։ Թորոս Ծառուկեան, որբ պիտի թողուր իր մինուճարր ու Անդրանիկը պիտի մեծնար որբանոցներու մէջ, յետոյ, վարպետի գրիչով մատաղելու համար այդ կեանքը մեզի, Սփիւռքի ու հայրենիքի տղոց։

Անդրանիկը, ինք հարթեց իր կեանքին ճանապարհը։

Իր ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքը եղաւ «Նայիրի»ն։ Այո, սկիզբը ամսագիր, Հալէպի ծնունդ, ապա շաբաթաթերթ, Պէյրութի մէջ, «Նայիրի»ն ընկալուեցաւ որպէս մնայուն գիրք այլ ոչ մամուլի օր գան։ Ամբողջ քառասուն տարի նուիրումով, բծախնդրութեամբ, պարտիզպանի