Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/113

Այս էջը սրբագրված է

ինք Հաւատք չունի սա Սփիւռք կոչուածին վրայ, ըսաւ թէ Սփիւռք չարչի կը նշանակէ, թէ մեր Ժողովուրդը իր արժէքները չի յարգեր, կր սիրէ ուիսքի խմել ել ոչ թէ գեղեցիկ գրականութիւն կարդար..

Ես հակաճառեցի: Խօսեցայ օրինակներով, ի վերջոյ, կարծր Վահէն կակուղցաւ ու տուաւ իր համաձայնութիւնը; Հօրը անտիպներէն մէկը ինք պիտիրնտրէր, տպագրութեան ղրկուածգործր ինք պիտի սրբագրէր: Տեսակցութեան աւարտին Վահէն արդէն քաղաքավար ճէնթըլմէն մրն էր։ Դրան առջեւ երբ ցտեսութիւն կիսէինք, Վահէն յարեց,- Փսխեցիր կարծիքս, կարծր կարծիքս, բայց տեսնենք:

Երկու երեք օր թասունին եւ ես մէկ քանի տպարան այցելեցինք գիրքին տպագրական ծախսերը իմանալու համար: Ամէնէն նպաստաւոր գինր Սիմոն Սիմոնեանը տուաւ, աւելցնելովԻմ «Սեւան» տպարանիս համար պատիւ է Օշական տպել:

Այս անգամ, Վահէ Օշականն էր հակառակողը - Ես այդ Սիմոն կոչւածին մօտ հօրս գիրքը չեմ տպեր: Իր անունն անգամլսել չեմ ուզեր:

Բացատրեցինք, որ Սիմոնը ամէնէն յարմար գինր տուած է եւ յետոյ ինք, Վահէն գործ պիտի չունենայ Սիմոնին հետ, անոր տպարանը պիտի չերթայ: Սրբագրելի էջերը Սիմոնր պիտի ղրկէ Վահէին տունը եւ այսպէս գործր պիտի հասնի իր լրումին:

Մեծ դժուարութեամբ, բայց ի վերջոյ համոզեցինք Վա հէն։

Վերադարձայ Հալէպ գանձ մը գտնողի ուրախութեամբ: Վարդը եկած էր Հայկազին, որուն պատմեցի ամէն մանրամասնութիւն:

Շուտով, շուտով, եղաւ Հայկազին ուր ախ պատասխանը: Այդ շուտովին վրայէն անցաւ ամիս մը: Վահէէն նամակ ստացայ: Վր գրէր.- Ի^նչ եղաւ: Տարի նամակը Հայկազին: Վարդաց, ըսաւ,– Շուտով, շատ շուտով: Վահէէն ստացայ երկրորդ եւ երրորդ նամակները: Վերջինին մէջ կիսէր.՜ Բֆրե^մ։

Աստուած իմ, գետնին տակը անցած էի: Իսկ Հայկազր - շուտով, շատ շուտով:

Ի Վերջոյ, րսի, բարեկամ, այս գործին առաջարկը դուն ըրիր, ու- ԱՈԼՏՒ1Դ ս(ՒտՒյաՐԳէՒՐ* /յօսՔ ըսածդ կիսէր մեծ հայրս, մարդուն բերնէն կեըէ։ Իսկ դո^ւն:

Զայրացաւ Հայկազ, ծօք, ըսաւ, ես քեղի պարտականն եմ, անգամ մրն ալ չյիշեցնես ինծի այս հարցը; Ետեւէս ինկած է, կարծես պարտքի դրամ տուած է ինծի։

Ես թքեցի ու քալեցի: Արնաք երեւակայել փոթորիկներս։ Բայց քա­լելէ առաջ ըսի - Դուն անպատկառ ես, կարծիք փոխող ես, դուն վար­դապետ պիտի րԱայիր, այսինքն փորձանք մր մեր ազգին գլվսուն. բայց փոփոխամիտ ես, ինչպէ^ս չհասկցայ առաջին վայրկեանէն...