Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/12

Այս էջը սրբագրված է

ջանասիրութեամբ մշակեց իր այս գիրքը Ծառուկեան, անոր իւրաքանչիւր աճուին վրայ դողալով։

Այս այգին պարտիզպան ունէր։ Մոլախոտը հանդուրժելի չէր։ Խեռ գրիչներու մուտքը արտօնուած չէր։ Այսօր ալ այս պատճառներով, ոեւէ հայ, գիտակցական որքան ալ փայլուն մակարդակ մը ունենայ չի կրնար ուրախութեամբ չհակել իր գլուխը «Նայիրի»ներու հաւաքածոներուն վրայ, ուր կը տողանցեն այնքան փայլուն միտքեր։

Ծառուկեանը եղաւ այն խմբագիրը, որուն թերթը ամբողջքառա­սուն տարի փնտռուեցաւ ու այսօր ալ դադրելէն երկու տարի ետք կը փնտռուի...

Անդրանիկը Կիւրին ծնաւ, Պէյրութի մէջ անցուց գրեթէ իր ամբողջ կեանքը, երկու տարիէ ի վեր կիսահաստատուած է Փարիզ, բայց մենք զինք կը նկատենք հալէպցի։

Հալէպի մէջ եղաւ ուսուցիչ, խմբագիր, կուսակցապետ։ Հալէպի որբանոցներուն մէջ մեծցաւ։ Հալէպի մէջ գրեց «Մանէութիւն Չունեցող Մարդիկ» վաւերագրական վիպակը, որ թարգմանուեցաւ ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի ու այսօր ալ հալէպահայ երիտասարդ մը այս սիրտ արիւնող գործը կր թարգմանէ արաբերէնի։

Հալէպի մէջ գրուեցաւ «Թուղթ Առ Երեւան»ը, որ ունեցաւ տասէ աւելի տպագրութիւն։ Աչականը գիրք գթեց այս գիրքիե մասին։ Սփիւռքը քիչ անգամ այսքան ջերմութիւն պահած է հայ գրողին։

Սիով րանիւ, կարելի է արձանագրել, որ Անդրանիկ Ծառուկեան եղաւ Սփիւռքի միակ գրագէտը, որ ապրեցաւ ու այսօր ալ կապրի իր եօթանասունէն ետք, գրականութեամբ։ Ուրիշ օրինակ չունինք։ Ուրիշ օրինակ դժուար թէ...

Ընթերցողը կրնայ չբաժնել Անդրանիկին բոլոր տեսակէտները, բայց անպայման կը կարդայ իրմէ լոյսին եկած որեւէ գիրք կամ յօդուած։ Անդրանիկը ունեցաւ, կրցաւ ունենալ ընթերցողներու բանակ մը, զինք սիրողներու եւ չսիրողներու բանակներ, որոնք բոլորն ալ, ծայրայեղ աջէն մինչեւ ծայրայեղ ձախը կարդացին զինք։

Երիտասարդ բարեկամ մը ունիմ։ Բանաստեղծութիւննեւը կը գրէ: Երբեմն կը տպուի։ Ան օր մը ըսաւ ինծի.~ Անդրանիկը գրագէտ չեմ նկատեր։ կասկածի տակ կառնեմ իր գրագէտի կշիււը*. Երկու ամիս ետք, նոյն տղան բեմէն ճառ մր խօսեցաւ Անդրանիկի մասին, Անդրանիկին ներկայութեան, եօթ հարիւրի մօտեցող հանդիսականներու ներկայութեան ու Անդրանիկը դասեց Սփիւռքի ամէնէն վաւերական գրողներու շարքին։

Ես Անդրանիկին ծանօթացայ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի տարին։ Փարիզ ու Միլանօ ունէի բարեկամներ - կարպիս Զրբաշեանն ու Ստեփան Սրապեանը, որոնք ինձի կիսէին, թէ պէտք է աշխատակցիմ «Նայիրի»ին։