Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/130

Այս էջը սրբագրված է

ուրիշ կազմակերպութեան մը ղեկավարը պիտի խայտառակէր զիս մեծ թիլով ընկերներու ներկայութեան, պարզ այն իրողութեան համար, որ ես ժամանակին աշխատակցած էի մեր կուսակցութեան չպատկանող թեր թի մը։ Գունդ ու կլոր այդ մարզը նեղմիտ էր:

Առաջին անգամ Անդրէասեանը տեսայ Հալէպի մէջ: Այդ 1953ին էր։ Նոր նշանուած էի։ Արմինէին հետ գացինք ղէնք տեսնելու պանդոկ Պարոնի մէջ.* Նկարուեցանք։ Այդ Օրերուն համար կոկիկ գումար մը կար մօտս, գոյացած Ա. Անդրէասեանի դիրքերուն վաճառքէն։ Պահարանի մը մէջ, գրողին յանձնեցի։

Խօսելիքդ գրաւողը կր մատուցանես, ըսաւ Անդրէասեան։ Նամակ չէ, հեղինակած գիրքերուդ փոխարժէքն է։ Լաւ, ըսաւ գրողը, քա այդպէս է, այս ծրարին բովանդակած գումարով նուէր մը կ քառն ես նշա­նածիդ։

Այսպէս եղած է Անդր էասեան։

Ամերիկայէն մինչեւ կիպրոս ու Պէյրութ, իր սիրած մտաւորականներուն բուսական իւղ ղրկած է, ըԱելով թէ կենդանական իւղէն գերադաս է այս ձեր առողջութեան համար. այս իւղը օգտագործեցէք:

Անդր էասեան մէկ քանի անգամ եկաւ Հալէպ։ Ամէն գալու ն եւոյթ մը կունենար հանրութեան համար։ Ունկնդիրները կր զարմանային, որ Ամերիկա ապրող մէկը ելոյթին ընթացքին ոչ մէկ օտար բառ կր գործածէ եւ կր պահէ հայ բարբառային շեշտն ու անուշութիւնը։

Ուրիշ անգամ զիրար տեսանք Փարիզի մէջ: Մեղի հետ էր Ոիւզանդ Թօփալեանր։ Սրճարանի մը մէջ հայ ցաւը նիւթ ըրած խօսեցանք եր կար։ Հոն, Անդրէասեանր պատմեց իր մէկ ճամրորդութեան մասին.– Ամերիկա մէկ քաղաքէն միւսը երթալու միջոցին գիւղաքաղաքէ մը կ*անցնի։ կր յիշէէ որ հոն, բաժանորդ մը ունի իր խմբագրած թերթը։ ԿքուզԷ տեսնել իր բաժանորդը։ Ահա տան սեմին է, դուռը բացուած է ու հայ մարդը ուրախութենէն կարկ ա մա ծ...

Ես Անդրէասեանն եմ, կիսէ Անդրանիկը, քու ստացած թերթիդ խմբագիրը։

Մարդր քանի մը րոպէ եւս լուռ մնալէ ետք, կր վազէ դէպի Անդրէասեանը, կր փաթթուի վիզին ու լալով կիսէ, հայերէն կր կարդամ, հայերէն խօսիլը մոռցած եմ, քիչ մը կեցայ, որ յիշեմ, գիտեմ քեզ, գիտեմ, ղուրպան ԸԱան քեղի... Մեր այս կողմերը հայեր չկան...

Երեքս էինք, Ոիւզանդր, Անդրանիկը եւ ես։ Երեքս ալ լացինք այդ հ այո ւ բեկորին համար։ Մենք ալ հայու բեկորներ էինք սա կայն։

Զմշկածագէն մինչեւ Պոլի ս։ Պոլիսէն Ֆրանսա, ուր ինքնաշարժի ֆապրիքի բանուոր եղած է Անդրանիկը ու Ֆրանսայէն մինչեւ Ամերիկա, մինչեւ ծերութեան սա սանդխամատերր սկզբունքի մարդ մնաց Անդր էաս­ եան։