Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/134

Այս էջը սրբագրված է

ԱՐՄէՆ ԴԱՐԵԱՆ

Դիւոա^ծ էք երբեք ծաղիկներու թուփերը արեւածագի աոաջին շողերուն տակ, երբ արւտուան շաղը իրենց կանաչ ու բազմագոյն խմբերգին վրայ կը պսպղայ ադամանդի նման...

Տեսա^ծ էք երբեք, երբ ձեր դիմաց համատարած ձիւն է, առտուան արեւի առաջին շողերուն տակք աչք ասղնտող, հոգի դողացնող սպիտակութիւնը... եւ այդ համայնապատկերին վրայ, յանկարծ, ձնծաղիկի մը աղուոր գլո*–խը, որ ծնծղայէն բարձրացող մեղեդիին ցնծութիւնը կր բերէ ձեզի...

Ահա անուն մը Արմէն Ռարեան, որ առաւօտի նման մտաւ մեր գր՜ականութեան մէջ, հայ ընթերցողներու հոգիներուն մէջ, ուր կը շարունակէ պահել իր խօսքին ջերմութիւնը, իր ժպիտը:

Մարդիկ կան, որոնք ծնած եւն իրենց շոլրջէոյս տարածելու համար, ջերմութիւն տարածելու համար, բնութեան տուածը բնութեան վերա­ դարձնելու համար, ազգին տուածը իր տոկոսովը ազգին վերադարձնելու համար:

Անոնք, այդ մարգերը, կը մերժեն ընդունիլ եսապաշտութիւն րառն անգամ, իրենց հաշւոյն; Անոնք, այդ մարզիկը, անսակարկ կը բաժնեն իրենց ունեցածը ու տակաւին կը պեղեն հոգիները իրենց, միշտ մտածելով թէ արդեօք թաքուն անկեան մը մէջ պահուած ուրիշ հարստութիւն մըն ալ չունի^ն, որ բաժնեն, բաշխեն իրենց շոլբջբոէորը գտնուողներուն... Ու կր գտնեն, ու կը բաժնեն, զարմանքի ղգացում մը յառաջացնելով մօտ ու հեռու մարդոց սիրտերուն մէջ:

Ահա այդ մարդերէն է Արմէն Ղ՝արեան: Սարդ, հայ, գրագէտ: Միայն այս երե^քը, թէ բազմապատկութիւնը այս երեքին: Պիտի հաստատէք այս բոլոր ըսուածները ու մանաւանդ գրիչով անպատմելին, երբ կարդաք Ղարեանի գրականութիւնը ու մանաւանդ երբ ծանօթանաք անձին ու վայելէք անոր մտերմութիւնր:

իրագէտներ կան, որոնց գործը ձեզ կեանքին կր կապէ, աշխարհին կը կապէ: Ոայց երբ կր ծանօթանաք ձեր իսկ սիրած գրագէտին անձին, կենցաղին, առօրեային, կը բացագանչէք.– Ախ, երանի ծանօթացած չըըայխ

Հակառակ, հակառակութիւն բառը գեղեցիկ չի հնչեր, րայց ծա­նօթութիւն մը Դարեանի անձին, կենցաղին, առօրեային, ձեզ կը բերէ հակառակ պատկերի վեւրի անձերուն, հակառակութիւն մը, որ այս պա­րագային գեղեցկութիւն է: