Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/138

Այս էջը սրբագրված է

սքանչելի ֆրանսերէն, որ մեր լաւագոյն քննադատներէն մէկը եղած էր:

Ահա Վահեանր կը խօսի գիւղագիր Ակսել Ոակունցի մասին ու քաոասուն տարիներու հեոաւորութենէն տակաւին ականջներուս կր հնչէ բանաստեղծին խօսքը բառ աո բառ1 Ակսել Բակունցր մեր գրակա­նութեան երկու մայր ճիւղերուն րոլոր գիւղագիրներուն գագաթն է։

Ու մենք սիրեցինք, խորապէս սիրեցինք թէ Թլկատինցին, թէՀ Զարդարեանը, որուն «Զարնուած Որսորդ»ը կ՚արտասանէինք.– «Անկոխ ուղիներէ, օձի ճամբաներէն որսորդ մը կր քալէր...», թէ* Արտաշէս Յարութիւնեանր, որ բանաստեղծ ալ էր.- «Հիպոկրէնի ես եմյամառ ուղեւոր, ու կէս ճամբան զիս կը լքէ Բեգասոս...», թէ/ Ակսել Բակունցը, որուն «Սեւ Ցելերի Սերմն ագանը» մեղի համար եղաւ բարձի գիրք, որուն Ցոլակ անուն ձին այնքան սիր երինք, որուն սասունցիներու պարը ներկայացնող էջերը զբօսանքի պահերա ն կր փորձէինք իրար հետ: Սիրահարուած էինք բոլորս ալ Ալպիական Սանուշակին։

Արփիարեանի մասին նոյնքան խանդավաո կր խօսէր Վահեան, մինչ Աուրէն Պարթեւեանր կը նկատէր վիրաւոր ու քիչ մը պարսաւագիր:

Հապա Զապէլ էսայեա^նը: Մեղի կր թուէր թէ Վահեանր սիրոյ կապ մը ունի Զապէլ Եսայեանի հետ, այդ մեծ, նուիրեալ, մեր գրակա­ նութեան իգական սեոին մէջ քիչ ան գամ երեւցող գրագիտուհիին հետ:

«Աւերակներու Մէջ»ը այդ օրերուն կարդացինք:

Վահեանով, մեր սէրը մեր գրականութեան հանդէպ խորացաւ ու դարձաւ անպարագիծ:

Դպրոցէն ետք, կեանքի մէջ, Վահեանր մնաց մեզի համար իր բարձ­րութեան վրայ ու մնաց բարեկամ ուսուցող բարեկամ; Եր խստապահանջութենէն ոմանք խրտչեցան; կասկած մի ունենաք, անոնք տկար էին: Բան զի, միայն տ կարը կ՚ունենայ զայրոյթ խստապահանջութեան դիմաց։

կեանքը քիչ հարուածներ չէր վերապահածմեր ուսուցիչին էն գլխիցէ կըսեն արեւելահայերր: Սանուկ, ճաշակած էր տարագրութեան ամբողջ ծանրութիւնը: կեանքը մանուկ Աարգիսին աչքերուն չէր պարզած այգես­տաններ, ծաղիկ ու ծառ, այլ տարագրութեան քստմնելի տեսարանները։

Հալէպ. նախնական եւ երկրորդական ուսում: Որբութիւն: Հեռաւոր Հայք*կնիքի մը, նորաստեղծ պետութեան մը մասին շրջոգ հակասական լուրեր: Յետոյ, Պէյրութ, համալսարանական ուսում: Ուսուցչութիւն անգլիական վարժարանի մը մէջ լեռնալիբանան: Ուսուցիչ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ:

Առաջին գիրքի հրատարակութիւն «Արեւ Անձրեւ», այսինքն, առա­ջին սիրոյ րիւրեգային երդեր: Առաջին յաջողութիւն եւ ուրեմն բանաստեղի անուն: