Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Այս էջը սրբագրված է

Սկիզբէն ըսե՞մ, թէ պահեմ։ Ըսեմ, Գառնիկ Ադդարեանը իմ կնքահայրս է։ Օգոստոսի վերջին օրերուն, 1954թուականին, Պէյրութէն եկած է Հալէպ ել հայոց դարաւոր Ս. Բառասնից Մանկանդ Եկեղեցիին մէջիմ ու Արմինէին միացածգլուխներուն վրայ դրածէ հայկական խաչր։

Ես կը հաւատամ, որ մեր խաչը հայկական է ու կապ չունի հրեաներու պատրաստած խաչին հետ; Ես կր հաւատամ հայոց քրիս­տոսին, որ երբեք ինծի խորհուրդ չէ տուած երկրորդ երեսս մատուցել առաջին երեսիս տրուած ապտակէն ետք;

Ուրիշ է հայուն քրիստոսը, հայուն Աստուածը; Ու մենք տառապած ենք, քանի մեր լսողութիւնր յարած ենք ուրիշներու քրիստոսին, ան­տեսած ենք հայ Քրիստոսի:

Մեր քրիստոսը Ա Մեսրոպն է, ՍՀ Կոմիտասն է, Ս Անդրանիկն է, Գլանաքեռցի Աբովեանն է, Գսեղցի Թումանեանը, Ազատութեան երգիչ* Նալպանտեանը ու տակաւին Շահնուրն ու Պարոյր Սեւակը:

Մեր դրացիները շատ են: Մեր մասին ճառ խօսողները, մեզ որպէս մշակոյթի տէր, աշխատասէր րանիմաց կոչող մարդիկ շատ են բոլոր ցամաքամասերէն:

Մեր ձեռքէն բռնողը միայն մէկ է, երկու չէ եդած, չի կրնար ըլլալ;

Այդ մէկը ռուս ժողովուրդն էր երէկ; Այս օր ռուս ժողովուրդն է եւ վաղն ալ պիտի մնայ ռուս ժողովուրդը:

Մի*ըսէք ռուս մեծ Ժողովուրդ; Ռուսը ածականի պէտք չունի; Շնորհակալական խօսքով մի խոնարհիք ռուսին առջեւ; Ան, տկար հոգիները, գետնաքարշ մարդիկը չի կրնար սիրել; Ըսէք եղբայր Ժողովուրդ; Այս բացատրութիւն մը չէ սիրտէ բխող, սիրտի խօսք է, միտքի խօսք է, իրողութիւն է: ինչպէս չենք կրնար ըսել թէ արեւը լոյս չի տար, ջերմու­թիւն չի բաժներ, այդպէս ալ չենք կրնար ըսել, որ ռուսը մեր եղբայրը չէ; Այս բոլորը ինչո՞ւ ըսի; Այս մտածումներս զիս մօտեցուցած են Գառնիկ Ադդարեանին, ընկերոջ մը, որուն տունը կը մտնեմ այնպէ ինչպէս կը մտնեմ իմ տունս; Տա սնամեակներու վրայ տ արա ծուող ընկերութիւն մը, որ առ այսօր ոչ մէկ խախտում արձանագրած է: Գառնիկին առաջին բանաստեղծութիւնները կարդացած էի «Անի» ամսագիրին մէջ; Վա հէ-Վ ահեանը իր «Անի»ովքանինե՜ր բերաւ սփիւռքահայ գրականութեան: Առա ջինն եր էն մէկը Գառնիկն է:

Ու Ադդարեան Գառնիկը, 1954 թուականին, երբ հրատարակեց իր առաջին գիըքը> Ղայե մկրտելով «Պատնէշին Վրայ», իր կեանքին ուղեգիծը կը ստորագրէր իր սեփական արիւնով;