Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/150

Այս էջը սրբագրված է

Վերջին ան գամ դարձեալ հանդիպեցայ իրեն, այս ան գամ Պուքրէշի մէջ, ուր տասնամեակներով ճգնած էր։ Բայց այս անգամ հանդիպեցայ յուշակոթողին Պուքրէշի հայոց գերեզմանատունէն մէջ։

Կոթողր ծածկուած էր ձիւնով։ Մօտեցայ, խոնարհեցայ, համբուրեցի Սիրունիին դամբանը։ Կարծէք Դանիէլ Վարուժանին դպայ ու սարսուռներ անցան մարմինէս:

Ինչ պայքարներէ անցաք դուք, հայ գրողներ, տառապանքի ինչ սեպ լեռներ ի վեր մագլցելով ինկաք մէկդ տապարովը թուրքին, միւսդ այսպէս կոչուած բնական մահով ի Պուքրէշ։

Սիրունին մեր պատմութեան դասերէն մէկն է։

Ուսանելի դասերէն մէկը։

ԶԱՈԵՀ ԳԱՓԼԱՆը Փարիդ մեծցած, Փարիզ ուսանած ճարտարա­պետ մրն էր։ Եկաւ Հալէպ։ Դասախօսեց տարիներով Հալէպի արաբական ճարտարապետական համալսարանին մէջ ու հասցուց մէկ քանի սերունդ։ Երախտապարտ սերունդներ կը յիչեն զինք։

Հալէպի մէջ, Զարեհ Դափլան կառուցեց նաեւ չէնքեր։

Հոգեւոր շէնք մրն ալ կառուցեց հիմնելով Հ.Ո.Ը.Միութեան Սարեան Ակադեմիան։

Փարիզ եմ։ Իր տանը մէջ։ Յայտնութիւն մը կ ըԱայ ինծի համար, որ ճարտարապետը ամուսնացած է Զապէլ Եսայեանի քրոջը աղջկան հետ։

Իսկ աներմայրդ ո**ղջ է, կը հարցնեմ փութանակի։

Ողջ է, անշուչտ, եւ մեզմէ շատ հեռու չէ իր ապրած վայրը։

Անմիջապէս կը կապուիմ Տիկին Հանըմեանին, այդ էր ամուսնական անունը Զապէլ Եսայեանի քրոջ:

Կէս ժամ ետք հոն եմ։ Ինչո^ւ գացի։ Պարդ չէ**։ Ժամերով կը խօսինք Զապէլ Եսայեանի մասին։ Մոլի ծխող մրն էր քոյրս, կ *ըս է Տիկին Հ անրմեան։ Շատ կը խնդրէինք, որ ապահարզան տար երկու բանի սիկարէթի եւ համայնավարութեան։ Կապուած մնաց երկուքին ալ, քանի որ համայնա­ վարութեան կապուիլր Զապէլը կր սեպէր հայրենիքին կապուիլ. ու անհընար էր Զապէլը զատել հայրենիքէն։

Շատ կը գրէր։ Շատ կաշխատէր։ Կր պատահէր, որ գրելով կը լուսցրնէր։

Տիկին Հանրմեանը, արցունքով կր պատմէ քրոջը կեանքը, որ ան­շուշտ չանցաւ Սիլիհտարի պարտէզներուն մէջ, որ անշուշտ չեղաւ ազատազրուած Պրոմէթէոսր, բայց Զապէլ Եսայեանը եղաւ այն կին գրողը, որ տղամարդու հետք ձդեց մեր գրականութեան մէջ։