Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/157

Այս էջը սրբագրված է

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԲԱ ՊԵԱՆը մեր տարագրութեան որբերէն էր ինկած Իտալիոյ Միլանօ քաղաքը։ Երկու եղբայր, Ստեփանն ու Արա մայիսր նոյն քաղաքին մէջ ապրեցան, նոյն քաղաքին մէջթաղուեցան, բայց երկուքն ալ իրենց կեանքը նուիրեցին ազգին: Մեծր՝ Ատեփանր, որպէս ճարտաբարու եստական, քսակը լայն բացաւ րոլոր իրեն դիմողներուն, կրտսերը Արամայիսր, գրիչով։ Բժիշկ էր ու բանաստեղծ, Ազոլոյին սիրահարուած բանաստեղծ։

Առիթով մր, Ատեփան Սրապեանին հիւրն էինք ես ու կինս, տասն օրով։ Ամէն օր միասին ըԱալու պատեհութիւնը կար։ Արամայիսը կր կար­դար իր քերթուածները, Ատեփանր կր խօսէր հայոց եկեղեցիէն ու ակում­բէն։

Երկու եղբայր, նուիրուած էին գաղութի կազմակերպման գործին։

Միլան գտնուած օրերուս, Արապեան եղբայրները կազմակերպեցին դասախօսական երեկոյ մը։ Մամուլ չկար յայտարարելու համար դա­սախօսութեան օրն ու ժամը։ Տպարան չկար, որ տոմս տպագրել տային։

Երկու եղբայր անցան հեռախօսի գործիքներուն շուրջ եւ հեռախօսելով ասղ ու անդ լուր տուին գաղութի հայերուն, որ հայ տունին մէջ կայ դասախօսութիւն այսինչ օրը ու ժամին։

Յիսուն հինգ հոգի եկած էին, գրեթէ գաղութին ամբողջութիւնը: Նկատի առէք, որ միլանահայութիւնը այդ օրերուն կր բաղկանար 450 անհատներէ։ Յիսուն Հինգը մեծթիլ էր։

թաղումը կատարեց Արամայիսը։

Բաբի, բաբի մարգ մրն էր։ Սխալմամբ ինկած մեր աշխարհր։ Անշշուկ ապրեցաւ, անշշուկ ալ մահացաւ: Եր կեանքին ամէնէն խանդավառ օրերը անցուց Հայաստանի մէջ. Երեւան, ուր սորվեցաւ նոյնիսկ բաժակաճառեր արտասանել։