Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/163

Այս էջը սրբագրված է

օրաթերթը տասնեակէ մը աւելի յօդուածներով Լեւոն Վարդանին կը փոր­ձէր հայերէն սորվեցնել։ Ինչ խօսք, որ Լեւոնր մեր լեզուն լաւ գիտնալով հանդերձ, երրեմն անհալ վերարերմանք անի իր իսկ լեդուին հանդէպ:

Յաճախ կր հանդիպինք իրարու թէ Հալէպի, թէ Պէյրութի մէջ։

Անակնկալ մրն էր երկուքիս համար ալ, երբ 1980թ՜ուականին զիրար գտանք Սիրաքիւդի մէջ: Թէ իեք, թէ ես առաջին անգամ կայցելէինք Միացեալ Նահանգներ։

Միասին ճամրորդեցինք մինչեւ Դանատա։ Մեր այդ ուղեւորութեան մասին բանաստեղծելու փոխարէն, Լեւոն Վարդանր արձակով գրած է չորս հարիւր էջ։ եր սպասենք գիրքին լոյս րնծայումին։

Ուսուցիչ ու գրող Լեւոն Վարդանր իր կեանքին մէջ ուրիշ մտասե­ւեռում չունեցաւ եթէ ոչ ծառայել մեր դպրութեան, մեր պատմութեան, մեր ուսանողութեան։

Պետիրեան Լեւոնր միտքի տոկուն աչխատաւոր մրն է։

ՍԱՐԴԻՍ ՓԱԹԱ ՓՈԻԹԵԱ Նը, մականունին աղմուկր չհանեց երբեք, ոչ ալ ընդգրկած գրական անունին1 Վահագն, տիրոջը նման գողցաւ ուրիշներուն պատկանոդ յարդր, որովհետեւ Խաչիկ Դաշտենցին նման լաւ գիտէր, որ յարդր գնում է, ցորենն է մնա մ։

Խալիլ Պատարսի թագի կտուցին, Պէյրութ, ունէր կօշկակարատուն մը։ Ձեռքով չէր աշխատեր, ի վերջոյ քսաներորդ դարբ յաո աջդիմութեան դար էր, կաշխատցնէր մեքենաներ։

Գրեթէ ամէն օր կը հանդիպէի իրեն ուղիդ երեսուն տարի առաջ: կաշխատէր կատարելագործել իր ֆրանսերէնը։ Ու կատարելագործեց ինքնաշխատութեամբ։ Խենթի պէս կր սիրէր գրականութիւնը։ կր հետեւէր հայրենական գրական մամուլին ու ֆրանսական դասականներու կողքին ժամանակակից ծեծերը էլիւար, Արակոն կը կարդար։

կերթայի իր աշխատանոցը։ Սեր նիւթը գրականութիւնը կըԱար։ Երանելի օրեր, երբ մեղի համար ամէն ինչի կշռաչափը գրականութիւնն էր:

կր հանէր դարակէն թա դթերա դէզ մը ու կըսէրՄտիկ ընելու ժամանակ ունի^ս, պատմուածը մը փորձած եմ։

Ժամանակ ունիսն ալ հա^րց էր։ Դրականութեան համար միշտ ժա­մանակ կար։ Ու կր կարդար Սարդիս Վահագնը իր նոր աւարտած պատմըւածքր, կր կարդար իրեն յատուկ հատու շեշտադրութեամբ, ինչպէս շինարարութեան մէջ աշխատող պատշարր կամրացնէ քարերը, երրեմն մուրճի հարուածներ տալովքարին սուր ծայրերուն։