Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/170

Այս էջը սրբագրված է

ՍԱՀԱԿ ԹՈԻԹՃԵԱՆը Հապա՞։ Իրաւ մտաւ որ ական մը: Ալս տաղի ընթերցող մը։ Նաեւ գրող մը։ Ինչ որ գրեց իրեն հենք ունեցաւ տրամաբանութիւնը, գիտական ճշմարտութիւնը։ Գրեց պատմուածք, վերլուծեց գրականութիւնը, հանդէս եկաւ խոհա–փիլիսոփայական յօդլածներով։

ճարտարագէտ էր։ քամիները զինքն ալ նետեցին Սէուտական Ա՜րաբիա։ կը կարծէք թէ հոն դա դր եղա՜՞ւ մտածելէ, արտադրելէ։ Ոքչ։ Մամուլը կրճատուեցաւ։ կրճատուեցաւ լայնամտութիւնը մարդոց ու Սահակր մնաց անճրկած։ Ո՜՞ւր տպէր իր գրածները։

Վստահ եմ, հիմ ա, Թու թճեա նը կը մխայ Վեսուվի նման։ Ոայց վստահ եղէք իր լաւան, պոռթկալու միջոցին, երբեՀք չի կոտրեր ու տանիլւ ծաղիկ ու ծառ, այլ րնդհակառակր, մարդկային, խորունկ զգացումներ կը բերէ մեղի։

ԳՈԻԳՈՈ ԵՈԷՑԵԱՆը, այո, մեծ չէ րառը, անպայման կոչեցեալ մըն էր, որ կրնար Սփիւռքի մեր սակաւաթիւ փիլիսոփայութեան մասնագէտներէն մէկը դառնալ։ Ի՜՞նչ եղաւ, որ չդարձաւ։ Ինչո՜՞ւ լռեց, երբ Բրակմադիզմի մասին այնքան սքանչելի յօդուած մը գրած էր։ Պատահակա՜՞ն յօդուած մըն էր այդ մէկը։ Երբեք։ Այս հարցումին միայն ինք կրնայ պա­տասխանել։ Ամէն անհատի կեանք չգրուած վէպ մրն է։ Ո՜՞վ կարդալ սիրտը գիտէ։

քՍանդավաո, հայ լեղուի դասաւանդումին ամբողջ իր կեանքը նաիրած մըն էր ՊՕՂՈՍ ՄԱՏՈԻՌԵԱՆը։ Շատ լաւ գիտէր մեր լեզուն։ Լաւ ուսուցիչ մրն էր։ Տակաւին Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան սան, կը գրէր պատմուածքներ։

Մոլեռանդօրէն կը կարդար։ Շատ կը սիրէր կոկոլն ու Տոսթոեւսկին։ կր փակուէր Մելպոնեւանի վարժապետանոցի դասարանին մէջ ու կը կարդար «Մեռած Հոգիներ»ը։ ժամերով կը մնար։ Ռուրս գալէն ետք կը վերլուծէր ու կը պատմէր մեղի։