Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/177

Այս էջը սրբագրված է

ՓՕԼ ԱԻԸԱԱՈՍԵԱՆը հռչակ չունէր տակաւին յիսունական թուա­կաններուն սկիզբր։ Պապ Իտրիսի վրայ, լուսանկարիչ բարեկամ մը ունէի, նիհար, նիհար, նիհար: Արուեստագէտ մարգ էր: Աուրէն կը կոչուէր։ Ար հաւաքուէինք Սուրէնին մօտ, ուր ամէն օր կու գար Փօլ եիրակոսեան:

Շապկագործ Տէօրթ Եոլցի Մինասը, դերձակ Յակոբ Գալուստեանր, որ ատանացի էր, քեսապցի Պետրոսը, բանաստեղծներ, գրողներ, տարրեր արհեստի պատկանող ամուրիներու խումբեր:

Փօլր նոր պաստառ մը բերած կ իլլար հետը: Օոլորս կարծիք կը յայտնէինք առանց երբեք րերսբեքթիֆի մասին դոյզն գաղափար ունե­նալու:

Փօլք, զարմանալի համբերութեամբ կր լսէր բոլորս: Զեմ գիտեր ին­չու, հայերէնն ալ այդքան սահուն չէր խօսեր: Փօլր կը խօսէր նկարելով։ Իր լեզ ուն պաստառներու վրայ էր ու մենք իր խօսածները ամէն մէկս կինկալէինք իւրովի։

Այդ օրերուն, չէինք գիտեր թէ մեր բարեկամը իր վրձինով, կարճ ատեն մը ետք պիտի գրաւէր Լիբանանը ու յետոյ պիտի սկսէր իր արշաւանքները դէպի դրացի ու հեռաւոր երկիրներ: Չէինք գիտեր։

Այսօր դիւրին է հպարտանալ Փօլ եիրակոսեանով: եիրակոսեանը հայերէնը բացառիկ լաւ կը խօսի իր պաստառներով։

Տարիներ յետոյ իրարու հանդիպեցա նք Երեւանի մէջ՝. Ուրախ հան­դիպում էր: Վերջերս գտնուեցայ Պէյրութի իր տունին մէջ արուեստագէտ լուսանկարիչ “ Յովհաննէս ճէրէճեանին հետ:

Հին օրերը յիշեցինք։ Նոր ցուցահանդէս մր կր պատրաստէր. լոյս ով ողողուն պաստառներ էին։

Լիբանանի սա ղժոխային օրերուն, հայը լոյս կը ցոլացնէր մութը թաղելու համար:

Փօլ եիրակոսեանր ծիածանի երգիչ է: