Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/184

Այս էջը սրբագրված է

ՎԱՀԷ քԱԶԱն դամասկոսցի էր։ Ապրած է նաեւ Հոմս ու Պէյրութ։ Կանուխէն սորված է ֆրանսերէն լեզուն։ Ծնողքը ոլզած են, որ իրենց աղան բժիշկ ղաոնայ, բայց Վահէ Խաչատուրեան մեկնածէ Փարիզ, ուր երթալը իր երազն էր, ուր կը հետեւի սինեմարուեստի ու կը դառնայ գրող։

Նկարիչ Ժերանեանր ժամադրութիւն մը կ^ապահովէ ինծի Համար։ Սէնի ափին, չորրորդ յարկի վրայ կապրի Բաչան։ Կը մտնենք իր մօտ Հարիւր տարուան ծանօթի նման։

Ժերանեանր կ*ուզէ զիս ներկայացնել մայային։ Հայց մենք ծա­նօթներ ենք, կքըսեմ, 1955ին եկած էիք Պէյրութ. ես ֆօթօ-ժուռնալիստ էի Լ Պրիան ֆրւսնսատառ օրաթերթին, ձեզ նկարեցի թերթին Համար:

Դէպքը կը յիշեՀ կ*ըսէ ՝Ոաչա։

Այնուհետեւ կ*անցնինք զրոյցի. Պէյրութ եկած օրերուն Վահէ թաչա երկու գիրքի հեղինակ էր։ Այս տեսակցութեան ընթացքին քսանհինգ տարի հեռաւորութենէ մը մեզի կը նային իր առաջին գիրքերը «Լէ Մէկօ Տիւ Տիմանշ», «էօյ Բուը էօյ» եւ միւսները։

Երբ Փարիզ տեղի կ՚ունենար մեր զրոյցը, է^աչան նոր հրատարակած էր իր «կալիա»ն, որ հաւան արար իր տասներկրորդ գիրքն էր։

Եսկ այսօր, երբ կը գրեմ այս տողերը, ու ֆրանսագիր հայ հեղինակը կը տօնէ իր գրական գործունէութեան քսանհինգամեակը, իր հրատարա­կած գործերուն թիւր անցած է երկու տասնեակը ու Վահէ Ոաչան, ի պատիւ իրեն, գործադրած է իր այդ օր ինծի տուած խոստումը.-

- Թորոս, անպայման գիրք մը պիտի գրեմ հայող եղեռնի մասին։ Այդ, իմխղճիս պարտքն է։ Ծնողներուս պատմածները չեմկրնար մոռնալ։ Զեմ կրնար մոռնալ։

Ու ահա, երկու տարիէ ի վեր, սեղանիս վրայ է այդ իրագործածը, "Ոաչային հայող ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքը՝ «էօն Փուանիար Տան Աը ժարտէն»։

Հեղինակը կը նկարագրէ այն վախը, որ հայը կապրէր Թուրքիոյ տարածքին իր իսկ սեփական հայրենիքին մէջ, երբ թուրքին դամոկլեան սուրբ կախուած էր իր գլվսուն վեր եւ։ 469. էջերու վրայ տարածուող վէպ մը, որ կրնայ ղնղել ընթերցողը եւ ճշմարիտ խօսքը հասցնել օտարին։

Ոաչային հետ, այնուհետեւ, ուրիշ հանդիպումներ ալ կունենամ։ Միշտ Փարիզի մէջ, երբեմն Դառզուներու եւ հանրի Վերնէօյի հետ, նոյն սեղանին շուրջ։

Ոայց ամէնէն զարմանալի հանդիպումս Վահէ Ոաչայի հետ կ*ըԱայ