Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/186

Այս էջը սրբագրված է

Ալ7 զգա՞ք, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծնած մեր տղաքր, կր ձգտին անկարելիին, ճանչցնելու համար իրենց ժողովուրդը։

Շիքակօ էի 1984ի Նոյեմբերի առաջին օրերուն։ Բժշկապետ Համ­բարձում Բէքլիկեանին տիկինն ու տղան, զիս հրաւիրած էին ընթրիքի։

Հոն էին Արշիլ կորքի-Ադոյեան մեծանուն նկարիչին քոյրն ու կորքիագէտ որդին, ընկերոջս 1 Հայկ Ալլահվերտեանին հետ։

Զրոյցի պահուն, Տիկ. Բէքլիկեան, խօսեցաւ երգիչ Տիգրան Ժամկոչեանի մասին, դրուատեց զայն որպէս մարդ ու երգիչ։ Հայաստան, միասին էինք ըսաւ։ Ինք Ուաշինկթըն կապրի։ Երբեմն հեռախօսով կը կապուինք իրարու։ Հաճելի մարդ է։

Լաւ կը ճանչնամ զինք, ըսի, Պէյրութէն, Միլանոյէն, Երեւանէն։ Ուրեմն, առիթ է, հեռախօսեմ, ըսելն ու կապուիլը մէկ եղաւ։

Տիգրան զիս Ուաշինկթըն հրաւիրեց։ Զէի կրնար երթալ։ Ժւսմանակ չունէի։ Բարկացաւ, փրփրեցաւ։ Մինչեւ Ամերիկա կու գաս, մեդի չես գար, ըսաւ...

Մեր տղաքր։ Արմատախիլ եղածտզաքը... որոնք բարձունքներ գրա­ւելէ ետք պէտք ունին մարգերու, հայ մարգերու, որոնք իրենց պէտք է խօսին Արեւելքէն, իրենց ծննդավայրէն, հայութենէն։

Տիգրան, ըսիք Տիգրան, յաջորդ գալուս կը խոստանամ գալ քեզի, մինչ այդ լաւ ընկեր մր ունիմ հոն կապրի Արսէն Աայեանը, այո, խմբավար Սայեանր, «Բնար» երգչախումբի խմբավարը։

Զճանչցած մարդ չունի՞ս, պոռաց Տիգրան։ Խայտ առակ, ըսի, Արսէնը Հալէպէն կը ճանչնամ յետոյ Երեւանի ուսանողական տարիներէս։ Սասունցի աղայ է ու քեզի պէս կապուած1 հայ երդին։

Ցուցուած էի։ Չկրցայ չարունակել խօսակցութիւնը...

Մեր տղաները ապառաժի եւ քարքարոտ հողերու վրայ կաշխատին ցորեն ժմնեցնել, չարաչար կաշխատին...

ՓԱՊԼՕ ՆԵՐՈԻՏԱն մէկ անգամ տեսայ։ Այդ 1961 թուականին էր Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Աոֆիայի մէջ։

Պուլկարիոյ թիւ մէկը Թոտոր ժիվքով, հաւաքած էր մայրաքաղաքի ամբողջ ուսանողութիւնը, հսկայական ծածկուած մարզադաշտի մը մէջ եւ ելոյթ կքունենար։

Պուլկար ղեկավարը, որ ֆաշիզմի օրերուն, պահուըտած էր հայ ընկերներու բնակարաններուն մէջ, ահա կոչ կընէր ուսանողութեան, որ բոլորն ալ կանուխ ամուսնանան։ Մեր թիւր, այս տարի ութ միլիոնի կը մօտենայ, կր յայտարարէր Ժիվքով։ Ես ձեզմէ շուտով կուգեմ տաս միլ–